Հ. Յ. Դ. Մամլոյ Դիւանը կը տեղեկացնէ թէ Սեպտեմբեր 26-ին, ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ, գումարուեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահութեան նիստը,
որը կը վարէր կազմակերպութեան նախագահ, Յունաստանի ՓԱՍՕՔ կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ երկրի նախկին վարչապետ Ճորճ (Եորղոս) Փափանտրէու։ Ներկայ էր նաեւ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Լուիս Այալա։
Ժողովի գլխաւոր նիւթերն էին աշխարհի մէջ նոր ժողովրդավարութիւններու համար պայքարներու զարգացումները (ինչպէս՝ Սուրիոյ մէջ եւ Եգիպտոսի մէջ, յատուկ ուշադրութիւն տալով խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ մարդու իրաւունքներուն) եւ աղքատութեան վերացման եւ հաւասարութեան հաստատման համար ընկերվար-ժողովրդավար յանձնառութիւնը։
Ժողովին Հ
ՅԴ-ի կողմէ մասնակցեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը։ Որպէս կազպակերպութեան փոխ նախագահ եւ կամ հրաւիրեալ, ժողովին մասնակցեցան նաեւ Մալիի նորընտիր նախագահը (Ibrahim Boubacar Keita), Պելճիքայի, Ալպանիայի, Մաւրիքիոսի եւ Մալթայի վարչապետները (յաջորդաբար՝ Elio Di Rupo, Edi Rama, Ram Goolam եւ Joseph Muscat), ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարը (Antoցnio Guterres) եւ Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան Գլխաւոր քարտուղարը (Jose Miguel Insulza)։ Ժողովին տարբեր պահերու մասնակցեցան նաեւ Անկոլայի փոխ նախագահը (Manuel Vicente), Ռումանիայի արտաքին գործերու նախարարը (Titus Corlatean), Պոսնիա եւ Հերցեգովինայի արտաքին գործոց նախարարը (Zlatko Lagumdzija) եւ Անկոլայի արտաքին գործոց նախարարը (George Rebelo Chicoty)։
Ժողովի ընթացքին, Սուրիոյ հարցի քննարկման ժամանակ, խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ ներկայացուցիչը։ Մ. Նալպանտեանը ԸՄ նախագահութեան եւ միւս մասնակիցներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց յատկապէս Սուրիոյ հայութեան խնդիրներուն վրայ։ Ան շեշտեց միջազգային մարդասիրական օժանդակութիւնը Սուրիոյ մէջ գտնուող ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն հասանելի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը. կարեւոր նկատեց ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններու եւ յատկապէս հայ համայնքի նաեւ համայնքային կարիքներուն՝ մասնաւորաբար կրթական համակարգին միջազգային օժանդակութիւն տրամադրելը. անդրադարձաւ հարեւան որոշ երկիրներու, այս պարագային՝ Թուրքիոյ կողմէ սուրիահայերու անցքի առաջ պարբերաբար ստեղծուող արհեստական դժուարութիւններուն։
Սուրիահայութեան մարդասիրական խնդիրներուն անդրադարձաւ նաեւ Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահը։
ՀՅԴ ներկայացուցիչը ելոյթ ունեցաւ նաեւ երբ կը քննարկուէր Եւրոմիութեան արեւելեան հարեւանութիւն ծրագրին մասնակից երկիրներու (Եւրասիական) Մաքսային միութեան հետ յարաբերութիւններու հարցը։ Մաքսային միութեան միանալու Հայաստանի կեցուածքի գծով, Մ. Նալպանտեանը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ըմբռնումով մօտենալ, մանաւանդ հաշուի առնելով, որ Եւրոմիութիւնը Հայաստանի մէջ մեծ ներդրումներ չէ կատարած եւ չէ նպաստաց նոր աշխատատեղերու հաստատման. Միաժամանակ՝ Հայաստանը պատրաստ է Եւրոմիութեան հետ շարունակել խորացնել իր քաղաքական եւ հասարակական յարաբերութիւնները։
Օրակարգի մնացած հարցերու քննարկումէն ետք, ԸՄ նախագահութեան ժողովը որոշեց որ կազմակերպութեան Խորհուրդի յաջորդ ժողովը գումարուի Կոսդանտնուպոլիս, 2013թ. Նոյեմբերի 11-12-ին, Ժողովրդահանրապետական (CHP) կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ։ Խորհուրդի ժողովը կարեւորութեամբ պիտի անդրադառնայ ժողովրդավարութեան համար պայքարներու տագնապներուն, յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան սպառնացող հակամարտութիւններուն։ Խորհուրդի ժողովը նաեւ պիտի անդրադառնայ համաշխարհային տնտեսութեան զարգացման համար կեդրոն-ձախ տեսլականին, յատուկ շեշտ դնելով աճի, աշխատատեղերու եւ հաւասարութեան, ինչպէս նաեւ զարգացման համար նոր օրակարգի մը վրայ։
Ընկերվար Միջազգայնականը (Socialist International) ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է։ Այն կը համախմբէ բոլոր մայր¬ցամաքներէ աւելի քան 140 երկիրներու 170 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ։
ԱՊՀ երկիրներու կուսակցութիւններէն լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ստացած առաջին կուսակցութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն է եղած (2003թ)։ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը կազմակերպութեան փոխ նախագահ է, իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը՝ ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովեան տարածաշրջանային յանձնախումբի համանախագահ։ ՀՅԴ նաեւ անդամ է կազմակերպութեան ֆինանսներու եւ վարչական յանձնախումբի։ ՀՅԴ համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY)։