«Սեւ գրիչ», ֆրանսերէն իր բուն անուանումով՝ «La Plume Noire» սալոնը ամէն տարի առիթ կ'ընծայէ հանրութեան՝ ծանօթանալու յատկապէս Ափրիկէի, ֆրանսախօս եւ ֆրանսասէր երկիրներու գեղարուեստական գործունէութիւններուն:
2013ի պատուոյ հիւրն է Հայաստան:
Այս տարուան՝ 18րդ «Սեւ գրիչ»ի սալոնը տեղի կ'ունենայ Հոկտեմբեր 18ին եւ 19ին, Փարիզի Թղթատարի թանգարանին մէջ: Երկու օրերու ընթացքին վիճարկումներ, ցուցահանդէսներ, դասախօսութիւններ, սրճագրական պահեր, ընթերցումներ, համերգներ եւ համադամներու ճաշակումներ իրարու պիտի յաջորդեն: