Արեւելեան ԱՄՆ-ի Արլինկթընի (Մասաչուսէց) Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան Կեդրոնին մէջ ՀՀ անկախութեան տօնին օրը՝ Սեպտեմբեր 21-ին, տեղի ունեցաւ Պոսթընաբնակ բանաստեղծ Աւիկ Տէրենցի (Տէյիրմէնճեան) երրորդ գիրքին գինեձօնը:

Համեմատած իր նախկին բանաստեղծութիւններուն, այս գիրքը տարբեր է: Արդարեւ, այս 144 էջերէ բաղկացած գործը կ՛ընդգրկէ քառեակներ, նաեւ արձակ ու չափածոյ խորհրդածութիւններ:

Հ.Հ. անկախութեան 22-ամեակի օրուան կը զուգադիպէր այս ձեռնարկը, որ կը հովանաւորէր Պոսթընի հայկական անկախ ձայնասփիւռի կայանը:

Այս առթիւ, ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի ատենապետ Կարպիս Զէրտէլեան, որ յայտնեց թէ աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր, այս կայանը կը հանդիսանայ կապը տեղւոյն գաղութին, որ միշտ ալ կ՛ընդառաջէ կազմակերպուած ձեռնարկներուն:

Օրուան հանդիսավարն էր Արլինկթընի Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան տնօրէն Արա Ղազարեանց, որ իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց եւ յայտնեց թէ հակառակ ներկայ արդի ապրելաձեւին, կարդալու եւ նմանօրինակ ձեռնարկներ կազմակերպելու գաղափարը կը շարունակուի ամենայն յաջողութեամբ: Օրուան բանախօսն էր ազգային գործիչ եւ տարիներ շարունակ խմբագիր (նաեւ «Հայրենիք»ի) պաշտօն ստանձնած Խաժակ Մկրտիչեան, որ յայտնեց թէ Աւիկ Տէրենց, այս գիրքով կը ներկայացնէ կարճ ու խտացուած քառեակներ եւ խորհրդածութիւններ, իբրեւ կիզակէտ ունենալով հայրենի հողն ու կրօնական հաւատքը: Այս գծով, Աւիկ կը գրէ.-

Ազգիս յոյսով տառապեմ
Երջանկութիւն կը կոչեմ,
Հողիս համար թէ զոհուեմ
Անմահութիւն կը կոչեմ:

Ձեռնարկի յաջորդ մասը տրամադրուած էր գեղարուեստական ծրագրին: Այս առթիւ Եղիշէ Մանուչարեան, իր կողակից Վիքթորիա Աւետիսեանին հետ թնդացուց ձեռնարկը, ներկայացնելով հայրենի գործեր, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիլիթ Շուկարեանին, որ իր կարգին առանձին ալ ներկայացուց քանի մը գործեր:

Ապա խօսքը տրուեցաւ Հայաստանէն յատուկ ժամանած ասմունքող Սիլվա Եուզպաշեանին, որ յայտնեց թէ քառեակներ պատրաստելը շատ աւելի դժուար է քան երկար բանաստեղծութիւն մը աւարտելը, նկատի ունենալով որ ազդեցիկ բառեր պէտք է գործածուին եւ յատկապէս աւարտը պէտք է որ ընդգրկէ բոլոր գաղափարներն ու եզրակացութիւնը: Հ.Հ. անկախութեան տօնին առթիւ, Եուզպաշեան տպաւորիչ ելոյթով մը արտասանեց Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքերէն փունջ մը: