Վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին Հայաստան փոխադրուած են 400 սուրիահայեր, որոնք կրցած էին դուրս ելլել երկրէն եւ հասնիլ Լիբանան։ Անոնք Հայաստան կ'ուղղուին Պէյրութ-Երեւան թռիչքով, որ շաբաթական երկու անգամ կ'իրականանայ։

Սուրիոյ մէջ սկսած պատերազմական դէպքերէն ետք Հայաստանի մէջ առեւտրական ծրագիրներ սկսելու համար ներկայացուած են 76 առեւտուրի ծրագիրներ։ Ծրագիրները կþուսումնասիրուին եւ կը վաւերացուին իրենց մասնագէտներէն բաղկացած յանձնաժո- ղովին կողմէ, իսկ դրամատուները մատչելի տոկոսներով վարկեր կը տրամադրեն։

Հայաստան բնակութիւն հաստատելու նպատակով տեղափոխուած սուրիահայերուն թիւը յատկապէս աւելցած է վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին։ Սուրիոյ մէջ պատերազմական իրավիճակի թէժացումէն եւ շրջափակման ընդարձակումէն առաջ ցամաքային ճամբով Հայաստան եկած է ամիսը շուրջ 350-400 սուրիահայ։ Այժմ Հայաստանի մէջ կþապրին շուրջ 10 հազար սուրիահայեր, որոնց հազարէն աւելին արդէն աշխատանք ունի։