8-11 Սեպտեմբեր 2013-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, տեղի ունեցաւ ԵՀԽ-ի 10-րդ համաժողովի «Միջ-եկեղեցական խօսակցութիւններ» բաժնի ատենապետներուն ժողովը։

Ժողովին մասնակցեցաւ Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ եւ «Միութեան հրաւէր - միջ-եկեղեցական նոր արտայայտութիւններ» խօսակցութեան ատենապետ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։

21 «Միջ-եկեղեցական խօսակցութիւններ»-ու ատենապետներ լիակատար նիստերով եւ խմբական հանդիպումներով մշակեցին համաժողովի այս կարեւոր բնագաւառը ու առին նախապատրաստական անհրաժեշտ քայլերը։

Յայտնենք, թէ ԵՀԽ-ի 10-րդ համաժողովը պիտի գումարուի 30 Հոկտեմբերէն 8 Նոյեմբեր 2013-ին, Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին մէջ, ընդհանուր թեմա ունենալով՝ «Կենսաբաշխ Աստուած, մեզ արդարութեան եւ խաղաղութեան առաջնորդէ» աղօթական խնդրանքը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 9 պատգամաւորներով եւ 2 ներկայացուցիչներով պիտի մասնակցի համաժողովին։

Ժընեւ գտնուած օրերուն, Նարեկ Սրբազան հանդիպումներ ունեցաւ ԵՀԽ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին եւ զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներուն հետ ու Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ ներկայ իրավիճակը քննարկեց։