Ստեփանակերտը կողջունէ Ուրուկուէի  արտաքին գործոց նախարարի՝  Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու ցանկութեան մասին յայտարարութիւնը:
Այս մասին «Նեզաւիսիմայա գազեթա»ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Պապայեանը:

«Մենք կողջունենք Ուրուկուէյի՝ մեր ինքնիշխանութիւնը ճանչնալու ցանկութիւնը… Ալմակրոյի խօսքերը չեն նշանակեր անկախութեան ինքնաբերաբար ճանաչում, սակայն կը նշանակեն, որ միջազգային հանրութիւնը լուրջ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման միջազգային գործընթացին», դիտել տուած է Պապայեանը:
Դաւիթ Պապայեանի կարծիքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումը երկու հետեւանք կրնայ ունենալ՝  Ատրպէյճանն ու Թուրքիան «հիսթերիա» կը բարձրացնեն Ուրուկուէյի դէմ, եւ երկրորդ, միջազգային հանրութիւնը, յատկապէս Հարաւային Ամերիկայի երկիրները, աւելի լուրջ կը սկսին վերաբերիլ ղարաբաղեան հիմնախնդրին հանդէպ:
Ինչպէս երէկուան մեր թիւով կը հաղորդէինք, Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոն աննախադէպ յայտարարութիւն մը կատարեց ղարաբաղեան հիմնախնդիրի առնչութեամբ, ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին:
«Այսօր մենք կուսումնասիրենք հարցը` պետականօրէն տեսակէտ յայտնելու համար, սակայն ես անձամբ համոզուած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի պատմական մաս կը կազմէ եւ պէտք է ըլլայ անկախ կամ կարճ ժամանակի ընթացքին կցուի Հայաստանին: Սա է Արցախեան խնդիրի միակ լուծումը»,- յստակօրէն ըսած էր Ալմակրոն: