ԱՄՆ Քոնկրեսի Յունաստանի աջակցութեան խումբի համանախագահներ Մայքլ Պիլիրաքիս եւ Քարոլին Մալոուն իրենց աջակցութիւնը յայտնած են «Հայոց ցեղասպանութեան արդարութեան եւ ճշմարտութեան» մասին բանաձեւին՝ ի նշան հայ-յունական երկարամեայ համագործակցութեան:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումը ուրա-խութեամբ հաղորդած է լուրը. «Մենք մեր երախտիքը կը յայտնենք քոնկրեսականներուն եւ հայ-յունական համախոհութեան բոլոր գործընկերներուն՝ հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ այլ քրիստոնեաներու նկատմամբ Թուրքիոյ իրականացուցած ցեղասպանութեան միջազգային արդարացի դատապարտման սատարելու համար»,- ըսած է Արամ Համբարեանը:
«Յոյները, հայերը եւ Միացեալ Նահանգներու մեր բոլոր համաքաղաքացիները, որոնք կը ձըգտին բարձրացնել ամերիկեան գաղափարները, անհամբերութեամբ կը սպասեն այն օրուան, երբ Սպիտակ տունը, ի վերջոյ, պիտի դադրի աջակցելէ Անգարայի ժխտողական քաղաքականութեան»: