ԹՈՐԱՆՍ.- Ազգային բազմաթիւ ծրագիրներու համար կարեւոր ներդրում ունեցած Մանաս եւ Տանըլի Պուճիքեանները, «Ասպարէզ»ի 105րդ տարեդարձին առիթով 15,000 տոլար կը նուիրեն թերթին:
Պուճիքեաններու այս ինքնաբուխ նուէրով, «Ասպարէզ» մեկնարկը կը յայտարարէ իր 105րդ տարեդարձին առթիւ 105 հազար տոլար հանգանակելու արշաւին:
Այս հանգանակութեան շնորհիւ հաւաքուած գումարներով, «Ասպարէզ» պիտի ձեռնարկէ իր արխիւի թուայնացման աշխատանքին, միեւնոյն ատեն՝ խմբագրութեան մշակած կարգ մը նոր ծրագիրներուն համար միջոցներ պիտի ապահովէ:
 Իւրաքանչիւր հազար տոլարի նուիրատուութիւն, հովանաւորութիւնը պիտի ապահովէ մէկ տարուան արխիւացման, եւ այդ տարուան արխիւի թուայնացած տարբերակին վրայ պիտի յիշատակուի հովանաւորին կամ անոր առաջարկած անձին անունը: