ԹՈՐՈՆԹՕ.- Թորոնթոյի մէջ կայացաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ հոգեւոր հովիւին կազմակերպած Սուրիոյ հայութեան ի նպաստ քայլարշաւ-նուիրահաւաքը, որուն ընթացքին 55 թորոնթոհայեր երեք յաջորդական օրեր քալելով՝ կտրեցին 45 քլմ. ճանապարհ:
Քայլարշաւի խումբը, Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեանի առաջնորդութեամբ, երեք հանգրուաններով կանգ առաւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաքելական, Հայ աւետարանական եւ Ս. Լուսաւորիչ կաթողիկէ եկեղեցիներու Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողներուն մօտ եւ աղօթեց:
Կիրակի օր, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եկեղեցական արարողութեան ընթացքին, Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեան իր քարոզին մէջ շեշտեց նուիրելու եւ նուիրաբերելու կարեւորութիւնը՝ յատկապէս կոչ ուղղելով հաւատացեալ ժողովուրդին անսակարկ աջակցելու դժուարին պայմաններու մէջ գտնուող մեր սուրիահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
Երեք օրերու ընթացքին հանգանակուեցաւ 60 հազար տոլար, որ պիտի տրամադրուի սուրիահայութեան «Դպրոց» կրթական հիմնադրամին: