Դամասկոսի եւ Հալէպի Հայ Համայնքներու Մասին Տեղեկութիւններ կը Փոխանցէ Դամասկոսի Հայոց թեմի Առաջնորդը
Դամասկոսի մէջ իրավիճակը համեմատաբար հանդարտ է: Այս մասին Armenpress-ին հետ զրոյցին նշած է Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանը: «Հիմա բոլորս կը սպասենք համաշխարհային քաղաքականութեան որոշման ու անոր հիման դրա սպասուող գործողութիւններուն: Կեանքը իր բնականոն հունով կ’ընթանայ, կրակոցներու ձայներ երբեմն լսելի են, բայց անոնք արդէն սովորական դարձած են»,- ըսած է Տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանը։
Անդրադառնալով Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակին, հոգեւոր առաջնորդը ըսած է նաեւ, որ մէկ շաբաթ է լուր չունի այնտեղէն, որովհետեւ կապի որեւէ միջոց չի գործեր: «Տեղեակ եմ, որ սննդամթերքի, վառելանիւթի եւ այլ կենցաղային պարագաներու պակաս կայ: Բայց Սուրիոյ իշխանութիւնները խոստացած են վաղը դարձեալ ապահովել հեռահաղորդակցման գիծերու աշխատանքը»,- ըսած է Տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեան:
Հարցին ի պատասխան, թէ ինչ քայլեր կը նախատեսուին Սուրիան սպառնացող վը- տանգի պարագային՝ Դամասկոսի թեմի առաջնորդը նշեց Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան մարմնի գործունէութեան մասին, որ կը քննարկէ սուրիահայերու օգնութեան բոլոր տարբերակները:
Ադրադառնալով ռուսական նաւերով հայերը Սուրիայէն հանելու միջոցին՝ Տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեան նշած է, որ անիկա տարհանման հնարաւորութիւններէն մէկն է, որ իրենք եւս քննարկած են: «Մենք, անշուշտ, մտածած ենք այդ մասին, բայց չենք սահմանափակուիր միայն մէկ հնարաւորութիւն քննարկելով, նկատի կ’առնենք բոլոր հնարաւոր տարբերակները: Նաեւ, պէտք է հաշուի առնենք ժողովուրդի ցանկութիւնը. անոնց մէկ մասը չի ցանկար հեռանալ իր տունէն: Այդ պարագային մենք կը փորձենք անոնց օգնել՝ կենսական պայմաններ ապահովելով”,- ըսաւ ան։
Հալէպի Սուլէյմանիա Շրջանին Մէջ Երեք Հայ Զոհուած Է
Նկատի ունենալով, որ Հալէպի հետ հաղորդակցութեան միջոցները վերջին շրջանին խանգարուած էին եւ միայն նախորդ օր վերսկսան գործելու, Հալէպէն աղբիւրներ տակաւին նոր կրցան տեղեկացնել, որ Հալէպի Սուլէյմանիա շրջանին մէջ մօտ մէկ շաբաթ առաջ ինկած հրթիռին պատճառով երեք հայեր մահացած են։ Ըստ հալէպահայ աղբիւրներուն, քաղաքը կը գտնուի ամբողջական շրջափակման մէջ, շաբաթը քանի մը անգամ քաղաքէն դուրս ելլել փորձող պասերը միշտ կը վերադառնան, քանի որ փակ են բոլոր ճամբաները։ Անոնց համաձայն՝ քաղաքին մէջ վառելանիւթ ընդհանրապէս չկայ, բոլոր կայանները փակ են, ձեռքի վրայ երբեմն կը վաճառուի, բայց շատ բարձր գիներով: Սննդամթերքի գիները եւս շատ սուղ են։