Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ու Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ իրականացուելիք պատարագները այս տարի առաջին անգամ ըլլալով իրարու կը յաջորդեն, որովհետեւ
առաջինը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Սեպտեմբեր 8ին, իսկ երկրորդը տեղի կ'ունենայ այսօր՝ Սեպտեմբեր 10ին:
Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցիին պատարագը կայացաւ այն-պէս, ինչպէս նախատեսուած էր՝ Սեպտեմբերի առաջին Կիրակի օրը, Սեպտեմբեր 8ին: Նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ մեծ թիւով ուխտաւորներ Վան այցելեցին այս առիթով, որոշուած էր Սուրբ Կիրակոսի մէջ կայանալիք պատարագը իրականացնել Սուրբ Խաչի պատարագէն 2 օր ետք՝ հնարաւորութիւն ստեղծելով Ս. Խաչի պատարագին մասնակցող ուխտաւորներուն, որ մասնակցին Ս. Կիրակոսի պատարագին եւս:
NEWS.am-ի թղթակիցը տեղեկացուցած է թէ այս տարի բազմամարդ էր հայաստանցիներու ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Սասունէն, Մուշէն, Տիարբեքիրէն եւ Պոլիսէն ժամանած հայերու բաւարար թիւ կար:
Պատարագի արարողութիւնը կատարեց Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի ընդհանուր փոխանորդ, արք. Արամ Աթէշեանը որ յայտնեց, որ 100 տարի ետք է որ Աղթամարի մէջ տեղի կ'ունենայ մկրտութիւն: Պատարագի աւարտին մկրտուեցան Պոլիս ապրող եւ արմատներուն վերադարձող մէկ ընտանիքի անդամները եւ Հայաստանէն 5 հոգի: Պատարագին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի քաղաքական եւ հասարակական յայտնի գործիչներ, Ատանայի մօտ Ամերիկայի հիւպատոս Ճան Էսփինոզա, Վանի քաղաքապետը, Կեւաշի քաղաքապետը, Վանի երեսփոխան Նազմի Կիւր, յայտնի դերասան Քատիր Ինանըր եւ ուրիշներ։
Պատարագէն ժամեր առաջ Աղթամար կղզիին վրայ եւ դէպի կղզի տանող նաւահանգիստներուն մէջ սահմանուած էին ապահովական խիստ միջոցառումներ, իսկ պատարագի տեւողութեան օդէն հսկողութիւն կ՛իրականացնէին ոստիկանական ուղղաթիռներ։ Կղզիին վրայ էին արտակարգ իրավիճակներու փրկարար ջոկատներ եւ շտապ օգնութեան աշխատակիցներ։
«Նիուզ» կը տեղեկացնէ, թէ կղզիին վրայ գտնուող ոստիկանները պնդած են, որ պատարագի պահուն կղզիին վրայ կը գտնուէր մօտաւորապէս 3 հազար քաղաքացի:
ՑՈՅՑ՝ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
Միւս կողմէ, զանազան միութիւններու անդամներ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Վանայ լիճի նաւամատոյցին մօտ ու ծաղիկներ
նետեցին ջուրը՝ խորհրդանշական յուղարկաւորութեան նամազ մը ընելով Աղթամար կղզիին վրայ իբր թէ հայկական հրոսախումբերու կողմէ սպաննուած մահմետական յիսուն կիներու եւ Վանի ժողովուրդին համար։ Ցուցարարներու կարգին էին Հայոց անհիմն պնդումներուն դէմ պայքարի միութեան, Հոլանտա-Ատրպէյճան մշակութային միութեան, Միջազգային սփիւռքին դէմ պայքարի միութեան եւ Կիպրոսի հաշմանդամներու միութեան անդամներ, բայց ոստիկանութիւնը չարտօնեց, որ անոնք կղզի մուտք գործեն, ուստի իրենց ցոյցը կատարեցին լիճի միւս ափին։
Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ
Այսօր պիտի կատարուի Տիարպեքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնախմբութիւնը։
Եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի անդամներէն Կաֆուր Թիւրքայ ըսաւ, թէ ասիկա առաջին անգամն է, որ Տիարպեքիրի մէջ այսպիսի արարողութիւն մը կը կատարուի։ Կը կարծուի, թէ աշխարհի զանազան տեղերէն ժամանած մօտաւորապէս 500 ուխտաւորներ պիտի մասնակցին անոր։