Հայ Համայնքի Մասնակցութիւնը Շարժա-Երեւան Օդանաւային Առաջին Թռիչքին

Ուրբաթ 16 Օգոստոս 2013-ին Շարժայի միջազգային օդակայնէն ներս տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը Շարժա-Երեւան Air Arabia օդանաւային ընկերութեան առաջին թռիչքին։

Բացման հանդիսութեան պաշտօնական հրաւէրով իր մասնակցութիւնը բերաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանը: Հայր Սուրբը իր յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնեց յիշեալ ընկերութեան տնօրէնութեան այս նախաձեռնութեան համար, որ գործնապէս պիտի դիւրացնէ Շարժայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց հայ թէ օտար համայնքներու ճամբորդութիւնը դէպի Հայաստան։

Նշենք, թէ Շարժան երրորդ մեծ Էմիրութիւնն է, ուր աւելի քան քառասուն տարիներ առաջ հայկական համայնք մը ստեղծուած է եւ 1998-էն ի վեր շրջանէն ներս կը գտնուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ համալիրը, ինչպէս նաեւ շաբաթօրեայ Օհաննէսեան վարժարանը։

 ------------------------------------------- 

 

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 15-ԱՄԵԱՅ «ՈՎԱՍԻՍ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ
ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանին, Օգոստոսի վերջաւորութեան, «Սփլէշ Լէնտ» լողաւազանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ովասիս» մանկապատանեկան ամառնային ծրագիրի փակման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ հոգեւորականներու, կրթական պատասխանատուներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Lիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, «C'est la vie» պարով սկսաւ հանդիսութիւնը: Ապա բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Ովասիս»ի ընդհանուր պատասխանատու տիկին Գարոլին Թերզեան, որ նշեց, թէ անցնող շաբաթներուն իրականացած ընտանեկան ճաշկերոյթը, հաճելի քերմէսն ու ժողովրդային երգահանդէսը «Ովասիս»ի 15-ամեակին տուին յատուկ արժէք, եւ այս հանդիսութիւնը իր եզրափակիչ բնոյթով կ'ամրապնդէ «Ովասիս»ին դերակատարութիւնը:

Բարի գալուստի խօսքէն ետք, Պատմական Հայաստանի գրաւեալ շրջաններու անունները կրող եւ Եռագոյնի գոյններով բաժնուած խումբերուն մաս կազմող «Ովասիս»ական աշակերտներ լողաւազանին մէջ ներկայացուցին հայկական, արաբական, հնդկական եւ եւրոպական պարեր, երգեր եւ քոնկ ֆու-ի ներկայացումներ:

Աշակերտներուն ներկայացումները արժանացան ներկաներու գնահատանքին: Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինը փակուեցաւ «Հայ Հայ»ի հաւաքական պարի միացեալ կատարումով:

Աւարտին, խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ «Ովասիս»ը, իր անձնակազմին նուիրական գործունէութեան իբրեւ արդիւնք, դարձած է հայ մանուկին ու պատանիին ամառնային հաճելի եւ օգտակար ժամանցի իտէալական վայրը: