Երէկ առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին Նախագահ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Էմին Ժեմայէլը:
Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպումը առիթ մը եղաւ տեսակէտներու փոխանակման Միջին Արեւելքը ու Լիբանանը յուզող հարցերու գծով: Քննարկումի յատուկ նիւթ դարձաւ մանաւանդ Սուրիոյ կացութիւնը ու քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՄԻՆ ԺԵՄԱՅԷԼԸ
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր