Շուրջ 2 ամիսէ ի վեր Մուշի մէջ, քաղաքային իշխանութիւններու կարգադրութեամբ, կը քանդուին հայկական տուները, որոնց մէջ այսօր կ՛ապրին քիւրտեր: Զանոնք տեղափոխած են այլ բնակարաններ՝ հայկականութեան վերջին հետքերը Մուշէն ջնջելու նպատակով: Այս մասին յատկապէս կ՛արձագանգէ «Արեւմտահայաստանի եւ արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»ը։
Խումբ մը ուխտաւորներ այս օրերուն այցելած են Մուշ ու ականատես եղած այդ վայրագութիւններուն: Անոնք Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն խումբ մը երիտասարդներ են, որոնք ամէն տարի կ՛այցելեն Արեւմտեան Հայաստան՝ ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակի ու «Արեւմտահայաստանի եւ արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»ի նախաձեռնութեամբ: Վան, Տէրսիմ, Էրզրում, Կարս, Մուշ այցելութիւններ ընդգրկող ծրագիրին մէջ այս տարի յատուկ տեղ ունէր Մուշը, ուր անընդունելի բաներ կը կա-տարուին։
«Ինչպէս 15 թուին ասում էին՝ բոլոր հայերին կոտորէք եւ նրանց ունեցուածքը ձեզ կ՛անցնի, այսօր էլ ասել են՝ հայերի տները քանդէք եւ նրանց հիմքերից ոսկին կը պեղէք, կը հանէք: Եւ զանգուածաբար սկսել են վայրագութիւնը», յայտնած է «Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»ի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան:
Մուշ այցելութեան ընթացքին խումբին կ՛ընկերակցէր ծնունդով մշեցի եւ հոն բնակող Արմէն Գալուստը: Ան գիտէ ամէն մէկ տան ու շինութեան պատմութիւնը:
Վերջին 2 ամիսներուն քանդուած է 44 հայկական տուն, մնացած 28ը քանդման վտանգի տակ են: Քիւրտերը հանած են տուներէն, նոր բնակարաններով ապահոված, որպէսզի այդ տարածքին մէջ պանդոկ ու նոր շէնքեր կառուցեն, նշած է Ալվըրցեան։
Բարձրացած աղմուկին արձագանգած են թրքական ու միջազգային լրատուամիջոցները՝ ստիպելով կասեցնել շինարարութիւնը: Բայց վտանգը դեռ առկայ է. կասեցնել՝ չի նշանակեր հրաժարիլ տուները քանդելու գաղափարէն:
Երեւոյթը քննադատեցին թուրք մտաւորականներ, իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուն առաջարկեց այդ տարածքին մէջ մշակութային կեդրոն ստեղծել՝ պահպանելով հայերէն մնացած վերջին բեկորները: Հայկազուն Ալվըրցեան ցաւով նկատել տուած է, որ Հայաստանի մէջ այս մասին լուռ կը մնան։
«Թուրքիայի թուրք մտաւորականները շատ աւելի բարձրացրեցին իրենց ձայնը, քան՝ հայ մտաւորականները: Ես չեմ ասում, թէ հայ մտաւորականութիւնը կարող էր գնալ, կասեցնել, բայց պէտք էր լուրջ աղմուկ բարձրացնել, մասնակցել ստորագրահաւաքին, բարձրացնել այս խնդիրը տարբեր ատեաններում՝ հայկական, թուրքական, միջազգային, լրատուական: Սա ուղղակի Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է», հաստատած է ան:
Մուշի հայկական տուներու կործանումը կանխարգիլելու նպատակով ստորագրահաւաք կազմակերպուած է. անոր կարելի է մասնակցիլ այցելելով akunq.net կայքէջը, ապա տեղադրուած՝ «Մուշի հայկական տների քանդումը դադարեցուած է…» վերնագիրով հրապարակման աւարտին պէտք է սեղմել ստորագրահաւաքի ելեկտրոնային հասցէի յղումը:
www.akung.net
Մուշի Մէջ Քանդուած Է 44 Հայկական Տուն Իսկ Հայ Մտաւորականները Կը Լռե՞ն
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր