Հայկական սրբավայրերը անպաշտպան լքուած են իւրաքանչիւրի քմահաճոյքին:

Պատմական Անիի մէջ հայկական հնութիւնները, աւերուած եկեղեցիները, անգամ մը եւս զոհ կ'երթան «թրքական քաղաքակրթութեան», որ այս անգամ Անին կ'օգտագործէ ռոք երաժիշտի մը վիտէօ-երիզի նկարահանման որպէս վայր:
Մեր ընթերցողները կը յիշեն մի քանի տարի առաջ գործադրուած նմանօրինակ քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ կողմէ, որ նոյն վայրը նորաձեւութեան հագուստներու նկարահանումներու համար տրամադրած էր:
Միլիոններ արժող այս շուկաները որեւէ երկընտրանքի առջեւ չեն գտնուիր, «նոր ու տարբեր» վայրեր որոնելով իրենց երիզներուն եւ նկարներուն համար: