Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան 10րդ Պատգամաւորական Ժողովը տեղի ունեցաւ 5-10 Սեպտեմբեր 2011ին, Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան, մասնակցութեամբ Շրջանային եւ Մեկուսի 18 շրջաններէ 57 պատգամաւորներու եւ 35 հրաւիրեալներու, որոնց կարգին՝ Իրանի Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութեան ներկայացուցիչը։

Ժողովը համապարփակ քննութեան ենթարկեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի անցնող չորս տարիներու սերնդակերտման ու հայակերտման աշխատանքները, գնահատեց կատարուած իրագործումները եւ ապագայի հաշւոյն մշակեց նոր ծրագիրներ։
Պատգամաւորական Ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ հայ սկաուտութիւնը, մարզական կեանքը եւ երիտասարդութիւնը յուզող հրատապ հարցերուն եւ համապատասխան որոշումներով քայլեր առաջադրեց անոնց թափ տալու նպատակով։ Ժողովը քննեց նաեւ միութեան կազմակերպական ընդհանուր իրավի-ճակը եւ ընդգծեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն աշխատանքային դաշտերը ընդլայնելու կարելիութիւնները։ Օրակարգի նիւթ դարձան նաեւ կանոնագրային տրամադրութիւններու կարգ մը բարեփոփոխութիւններ եւ միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի եւ կայքէջի զարգացման ծրագիրներ։
Պատգամաւորական 10րդ Ընդհանուր Ժողովը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով որդեգրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի յառաջիկայ տասնամեակներու զարգացման ռազմավարական ծրագիրը՝ համահայկական մօտեցումով (Հայաստան եւ Սփիւռք) խոր քննարկումի ենթարկելէ ետք զայն։ Այս իմաստով, ժողովը առաւ հիմնական որոշումներ՝ հայ երիտասարդութեան ներգրաւման, Հայաստանի մէջ աշխատանքներու ընդարձակման, միութեան կազմակերպական կեանքի արդիականացման եւ արհեստագիտական նորագոյն միջոցներու օգտագործման համար։
Ռազմավարական ծրագիրը առանձին բաժիններով անդրադարձաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան եւ արժէքներու վերասահմանումի անհրաժեշտութեան, միութենական աշխատանքներու արժեւորման նոր մեթոտներու որդեգրման, հայ լեզուի գործածութեան զարկ տալու միջոցներուն եւ յատկապէս՝ աշխարհասփիւռ երիտասարդութեան հասանելի դառնալու ձեւերուն։ Այս ուղղութեամբ ժողովը յատուկ թելադրանք կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան, որպէսզի նախորդ քառամեակին սկսուած ռազմավարական ծրագրումի աշխատանքը շարունակէ եւ անցնի որդեգրուած ծրագիրներու գործնականացման հանգրուանին։
Պատգամաւորական 10րդ Ժողովը քննեց նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 95-ամեակի, 100-ամեակի եւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման կապուած հարցեր։
Իր աշխատանքներու աւարտին, ժողովը ընտրեց յառաջիկայ քառամեայ նստաշրջանի նոր Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ Ընդհանուր Ժողովի Դիւանի ներկայութեան կազմուեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան դիւանը բաղկացած հետեւեալներէն.-
Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան - ատենապետ (Լիբանան)
Եղբ. Կարպիս Գապասագալեան - ատենադպիր (Լիբանան)
Եղբ. Միհրան Շիմշիրեան - գանձապահ (Լիբանան)
Եղբ. Ստեփան Տէր Պետրոսեան (Լիբանան)
Եղբ. Հրաչ Սիսեռեան (Եւրոպա)
Եղբ. Բագրատ Եսայեան (Հայաստան)
Եղբ. Գարլոս Սէֆէրեան (Հարաւային Ամերիկա)
Եղբ. Վիգէն Դաւթեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)
Եղբ. Յակոբ Թիւֆէնքճեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)
Եղբ. Հրաչ Մեսրոպեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ)
Եղբ. Արմէն Կէտիկեան (Գանատա)
Եղբ. Վիգէն Քորթեան (Աւստրալիա)
Եղբ. Կարպիս Թովմասեան (Սուրիա)

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 10րդ Ընդհանուր Ժողովի Դիւան