Համացանցին վրայ ի յայտ եկած է տեսանիւթ մը, ուր կը ներկայաց-ւին յարձակումներ ու ծայր աստիճան բռնութեան դէպքեր Սուրիոյ խաղաղ բնակիչներու դէմ:
PRESSTV հեռուստատեսութեան կողմէ տարածուած տեսանիւթը ցոյց կուտայ զինեալներ, որոնք Թուրքիոյ սահմանակից սուրիական Թել Աբյադ քաղաքին մէջ, մահապատիժի ենթարկած են 450 քիւրտ պատանդներ, որոնց կարգին երեխաներ, կիներ եւ ծերեր:
Համացանցի միջոցաւ նախապէս ալ ցնցիչ տեսանիւթեր տարածուեցան, որ ցոյց կուտային ճիհատականներու կողմէ պատանդներու դէմ յարձակումներ, նոյնիսկ անոնց ողջ-ողջ այրելը: Ամենայն հաւանականութեամբ ոճրագործները յատուկ նկարահանած են նման տեսանիւթեր, սարսափի մատնելու համար խաղաղ բնակչութիւնը: