ՆԻՒ ԵՈՐՔ

Միացեալ Նահանգներու տարածքին 11 սեպտեմբեր 2001-ի տասնամեակին առթիւ այդ ահաբեկչական յարձակումին զոհերուն յիշատակը յարգելու արարողութիւններ տեղի ունեցան։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ նախկին նախագահ Ճորճ Ու.Պուշ Նիւ Եորքի մէջ յարձակումի ենթարկուած Զոյք աշտարակներուն վայրին մէջ մասնակցեցան յատուկ արարողութեան  մը, որուն ընթացքին Օպամա 46-րդ Սաղմոսէն բաժին մը ընթերցեց։
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, երեք հազարի հասնող բոլոր զոհերուն անունները ընթերցուեցան, ինչպէս նաեւ Զոյք աշտարակները, Փեթակոնը եւ Փենսիլվենիայի Շանքվիլ շրջանին մէջ դաշտի մը վրայ օդանաւերուն ջախջախումին պահուն յոտնկայս լռութիւն պահուեցաւ։ «Սի.Այ.Էյ.» անցեալ շաբաթ զգուշացուց, որ Քայիտա կրնայ գործիչներ ուղղարկած ըլլայ Նիւ Եորքի կամ Ուաշինկթընի մէջ ականահարում մը կատարելու։ Պաշտօնատարներ այս զգուշացումը նկարագրեցին իբրեւ «հաւաստի, սակայն չհաստատուած»։