Եգիպտոսի մէջ ցուցարարներ յարձակում գործեցին Գահիրէի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան դէմ եւ դեսպանատուն մուտք գործելէ ետք, երկրորդ անգամ ըլլալով վար արին իսրայէլեան դրօշը։

Ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին 448 վիրաւոր արձանագրուեցաւ։ Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի դեսպանն ու անոր ընտանիքը եւ դեսպանատան անձնակազմը Շաբաթ առաւօտեան զինուորական օդանաւով մը հեռացան Գահիրէէն եւ վերադարձան Թել Աւիւ։ Գահիրէի մէջ մնաց դեսպանի տեղակալը, որպէսզի եգիպտական կառավարութեան հետ կապը պահպանէ։
Գահիրէի մէջ Իսրայէլի դեսպան Իսհաք Լիվնոն «Ռատիօ  Սաուա» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ յանձնառու կը մնայ Եգիպտոսի հետ խաղաղութեան համաձայնութեանց հակառակ «կարգ մը ցուցարարներու» կողմէ դեսպանատուն ներխուժման։
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Իսրայէլեան նախարարաց խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտնեց, որ Եգիպտոսի հետ հաղորդակցութիւններ տեղի կþունենայ դեսպանը Գահիրէ վերադարձնելու համար։
Իսրայէլի փոխվարչապետ Տան Մերիտոր Իսրայէլեան ձայնասփիւռի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Գահիրէի մէջ իսրայէլեան դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումը «Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան եւ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ կայունութեան դէմ յարձակում մըն է» եւ «վտանգաւոր դէպք մը» աւելնցելով, որ Իսրայէլ այդպիսի դիպաշարի մը պատրաստուած էր։