ԱՆԹԻԼԻԱՍ- Շաբաթ 10 Սեպտեմբեր 2011-ին, Պիքֆայայի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած շարք մը հարցեր: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նոր ծաւալ տալու եւ Սփիւռքը վերակազմակերպելու, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի անկախութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: