Շաբաթ, 20 Յուլիս 2013-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, գլխաւորութեամբ վեհափառ հայրապետին ու մասնակցութեամբ միաբանութեան անդամներուն, ժողովական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին, հրաժեշտ տուաւ Կիլիկեան ուխտի երիցագոյն միաբանին, անձնուէր ու հաւատարիմ հոգեւորականին, հմուտ հայագէտին ու աստուածաբանին եւ կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ Արտաւազդ արք. Թըր- թըռեանին:
Առաւօտուն, միաբան հայրերուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի:
Յընթացս Ս. պատարագին հանգուցեալ սրբազան հօր դագաղը միաբան հայրերու կողմէ տաճարի ատեանէն բերուեցաւ Ս. խորան, ուր տեղի ունեցաւ վերջին օծման կարգը, ձեռամբ՝ վեհափառին:
Վեհափառ հայրապետը դամբանախօսական իր պատգամին մէջ վեր առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան զինուորագրեալ աւագագոյն հոգեւորականին աւելի քան եօթը տասնամեակներու նուիրեալ ծառայութիւնը: Իր հոգեւորական ասպարէզին նկատմամբ ունեցած սէրը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նկատմամբ ունեցած իր հաւատարմութիւնը վարակիչ նկատելով նոր սերունդին, վեհափառ հայրապետը արժանի գովեստով դրուատեց սրբազանը: