Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ թէ Պէյրութի «Գոհար» երգչախումբի անուանի ղեկավար Սեպուհ Աբգարեան, որուն համբաւը վերջին տարիներուն գագաթնակէտին հասած էր իր վարած երգչախումբին հետ միասին, անակնկալօրէն հիւանդանոց փոխադրուեցաւ ու գործողութեան ենթարկուեցաւ։
Մաէսթրոյին հիւանդութիւնը մեծ յուզում յառաջացուց Մելգոնեանցիներու մօտ, որոնք այնքան կը սիրեն իրենց երաժշտագէտ ուսուցիչը։ Սեպուհ Աբգարեան անցեալ օր ընթրիքի հրաւիրուած էր Մելգոնեանցի Պէրպէրեաններու տան մօտ, բայց ժամադրութեան չգնաց ու բարեկամները մտահոգուեցան, հեռաձայնեցին, պատասխան չստացան ու երթալով անոր բնակարանը, ոս- տիկանական միջամտութեամբ բացին դուռը ու մեծանուն խմբավարը գտան նուաղած վիճակի մէջ։ Անմիջապէս հիւանդանոց փոխադրեցին եւ ստուգուեցաւ որ ուղեղին վրայ ուռեցք մը կար։ Անմիջապէս վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուեցաւ։
Աւելի վերջ ըսուեցաւ որ գործողութիւնը յաջող անցած էր, միայն թէ ամբողջական ապաքինումը կրնայ տեւել վեց ամիս ու այդ ժամանակի ընթացքին ան կրնայ երբեմն ունենալ յիշողութեան վրիպումներ։ Խաչատուրեան ընտանիքը, որ Գոհար երգչախումբի հովանաւորներն են, ստանձնած են նշա- նաւոր խմբավարին դարմանման բոլոր հոգերը։