Գանատայի մեր պաշտօնակից «Հորիզոն» թերթի փոխանցմամբ՝ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան Գանատայի համադրիչ մարմնի ատենապետ Ժան Հալլաճեանը հարցազրոյց մը տուած է ուր նշած է, որ հիմնադրամը օժանդակութիւն ցուցաբերած է սուրիահայերուն՝ ընդառաջելով համահայկական կոչերուն:

«Մենք կարողացանք հանգանակել 210 հազար տոլար եւ փոխանցել համապատասխան հասցէներով: Սակայն կացութեան լրջութիւնը մեզմէ առաւել մեծ ջանքեր եւ ներդրում կը պահանջէ՝ պատանդ վերցուած մեր հայրենակիցներուն շուտափոյթ օգնութեան ձեռք մեկնելու համար պէտք է այսօր իրականացնենք մեր նպատակները, քանի որ վաղը կարող է ուշ լինել»,- ըսած է Ժան Հալլաճեանը: Իր խօսքերուն համաձայն՝ Գանատա հասնող լուրերն ու տեսաերիզները կը վկայեն, որ Հալէպի բնակչութեան մէկ մասը յայտնուած է անօթեւան եւ սովամահ վիճակի մէջ, ինչը անընդունելի եւ աղետալի պատկեր ստեղծած է: «Անմեղ քաղաքացին արդէն մոլեգնող սղաճի դէմ յանդիման գտնուելու ամէնօրեայ խնդիր ունի»,- ընդգծած է Հալլաճեանը: