Համազգայինի Ուսանողական հաւաքը, որ 13 Յուլիսին սկսած էր իր գործունէութեան, տարբեր տեսակի աշխատանքներ տարաւ եւ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ 16-էն 18 Յուլիսին։ Հաւաքի մասնակիցները այցելեցին հետեւեալ վայրերը.

Ա) Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Թովմաս Պօղոսեանի հիմնած «Ջիւանի» դպրոցը, ուր ան անձամբ ընդունեց ուսանողներու խումբը եւ բացատրութիւններով հարստացուց հայ աշուղական արուեստի մասին ֆորումականներուն գիտելիքները: Պօղոսեան հաւաքի մասնակիցներուն ծանօթացուց խումբի նուագարանները:

Բ) Ուսանողական հաւաքի մասնակիցներուն այցելութեան յաջորդ վայրն էր Ծաղկաձորի Հայ կաթողիկէ Տիրամայր ճամբարը, ուր անոնք անմոռանալի պահեր ապրեցան շուրջ 220 պատսպարեալ պատանիներու հետ, որոնց տարիքը կը տարուբերէր 6-16 տարեկանի միջեւ: Մասնակիցները ծանօթացան պատանիներուն, երգեցին անոնց հետ եւ մասնակցեցան մարզական խաղերու, մրցեցան մօտ երկու ժամ խանդավառ եւ ընկերական մթնոլորտի մը մէջ:

Գ) Հաւաքի մասնակիցները յարգանքով խոնարհեցան հայութեան նահատակներուն յիշատակին առջեւ, երբ այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր: Ազդուած էին բոլոր ուսանողները. անոնք յուզումով Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին շուրջ զետեղեցին ծաղիկներ՝ ի յիշատակ զոհերուն ու միասին աղօթեցին «Հայր Մեր»ը: Նոյն յուզումը շարունակուեցաւ Եռաբլուր տրուած այցելութեամբ:

Դ) Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները այցելեցին նաեւ հայ պատանիին յաջող ապագայ մը ստեղծելու կարելիութիւն տուող «Թումօ» Ստեղծարար Ճարտարագիտութիւններու կեդրոն, ուր ներկայացուեցան կեդրոնի ծրագիրը, նպատակները եւ աշխատելաձեւը։ Ապա ուսանողները հետեւեցան հոն սորվող ու աշխատանքներ կատարող պատանիներու պատրաստած յատագիրին եւ աշխատանքներուն: Հանդիպման աւարտին հաւաքի մասնակիցները դիտեցին «Թումօ»-ի կողմէ պատրաստուած տեսերիզներ:

Ե) Հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Աշտարակի Ս. Կարմրաւոր եկեղեցին, ուր կը գտնուի Գէորգ Էմինի շիրիմը: Յետոյ խումբը մեկնեցաւ դէպի Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին, ուր Նորա Թաշճեան զեկուցեց հայ գիրերու գիւտին մասին, շեշտելով անոր կարեւորութիւնը՝ իբրեւ ազգային պահպանման հիմնական կռուան: Ան թելադրեց բոլոր երիտասարդներուն եւ հայերուն գուրգուրալ մայրենիին եւ գրել հայատառ մեր առօրեայ հաղորդակցութիւններուն ընթացքին:

Դասախօսութիւններու ծիրին մէջ Կարօ Յովհաննէսեան հաւաքի մասնակիցներուն ներկայացուց «Ո՞վ է ղեկավարը» նիւթը։Ան ընդհանուր գիծերու մէջ սահմանեց ղեկավարի տիպարը, անդրադառնալով անոր վերաբերող տարբեր տեսութիւններու, ինչպէս նաեւ բացատրեց իսկական ղեկավարի մը համար անհրաժեշտ նկարագրական կէտերն ու առանձնայատկութիւնները։Ան շեշտը դրաւ ղեկավարութեան կարեւորութեան վրայ՝ ըսելով, թէ գործի մը յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը հիմնուած է ղեկավարութեան վրայ։Ան նաեւ ըսաւ. «Տիտղոսները չեն, որ արժէք կու տան ղեկավարին, այլ ղեկավարն է, որ արժէք կու տայ տիտղոսներուն»:

Հաւաքի ծրագիրին մաս կազմող մշակութային ձեռնարկներու ծիրին մէջ ուսանողները ներկայ գտնուեցան Նարեկ Տուրեանի «Սե Լա Վի» կատակերգութեան, Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի դահլիճին մէջ:

Խումբ մը ֆորումականներ առիթ ունեցան ներկայ գտնուելու Համազգային մշակութային միութեան «Լեւոն Շանթ» թատերական մրցումի մրցանաբաշխութեան: