ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-  «Ասպարէզ» կը տեղեկացնէ թէ Յունիսի վերջաւորութեան տեղի ունեցած է Հայ ոսկրածուծի նուիրատուներու միութեան ի նպաստ ու Հայկական հեծելարշաւի միութեան կողմէ կազմակերպուած տարեկան վեցերորդ հեծելարշաւը, որուն մասնակիցները Կլենտէյլէն ճամբայ ելած են՝ հասնելով մինչեւ Սան Տիէկօ:
136 մղոննոց «Կեանքի համար հեծելարշաւ»ին շնորհիւ, կարելի եղած է գոյացընել մօտաւորապէս 8000 տոլար գումար մը, որ պիտի տրամադրուի կեանքեր փըրկելու նպատակով Հայ ոսկրածուծի նուիրատուներու միութեան կողմէ տարուող աշխատանքներուն:
Հեծելարշաւը սկսած է  Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիէն ու աւարտած Սան Տիէկոյի հին քաղաքամէջը, ուր միութեան ներկայացուցիչներ եւ համակիրներ ջերմօրէն ողջունած են հեծելարշաւի  մասնակիցները՝ անոնց համար հիւրասիրութիւն մը կազմակերոպելով:
2007ին հաստատուած Հայկական հեծելարշաւի միութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it. հասցէին: