«Հորիզոն» կը հաղորդէ թէ յետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, ստուգուած են ընդդիմադիր ուժերու կողմէ Հալէպի շրջափակման մասին լուրերը:
Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, թէ քաղաքի կառավարական ուժերու հսկողութեան տակ գտնուող շրջանները 8 օրէ ի վեր պաշարման շղթայի տակ առնուած

են, որ պատճառ դարձած է բնակչութեան մօտ ընկերային եւ կենցաղային դժուարութիւններու յառաջացման։
Ամէնէն սուր տագնապը եղած է սննդամըթերքի պարագան։ Ալիւրի տագնապի  պատճառով, շատ մը փուռեր դադրած են գործելէ, որուն պատճառով քաղաքին մէջ ստեղծուած է հացի տագնապ, ուր կարգ մը արուարձաններ ու թաղամասեր օրերէ ի վեր զըրկուած կը մնան հացէ։
Շրջափակման պատճառով շուկայէն անհետացած են նաեւ բանջարեղէններն ու մսեղէնները։
Սուրիական դրամանիշի անկման հետեւանքով սղաճը սուր բնոյթ ստացած է։ Դեղարաններու դարաններէն կարգ մը պիտանի ու տարրական դեղահատներու պակասը զգալի դարձած է։ Վառելանիւթի գիները նոյնպէս՝ ահաւոր բարձրացած են:
Ռէյիսեան յայտնած է նաեւ, թէ Յուլիս 10-ի երեկոյեան, կարգ մը լուրեր տարածուած են, թէ ժողովուրդի բարձրացուցած բողոքին պատճառով, ընդդիմադիրները կարգ մը շրջաններու մէջ թոյլատրած են պա- րէնի եւ մթերքներու փոխադրութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, կառավարութիւնը իր կարգին կը փորձէ յատուկ միջոցառումներով դարմանել կացութիւնը։
Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց, որ հակառակ նման բազնաբնոյթ դժուարութիւններու, Հալէպի հայութիւնը կը շարունակէ իր գոյապայքարը եւ հաստատեց, թէ ամբողջ պատերազմի տեւողութեան, հայ եկեղեցին, հայ դպրոցը եւ հայ ակումբն ու հաւաքավայրը երբեք չփակեցին իրենց դռները։
Համաձայն վերջին պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն՝ Հալէպի ալ-Ռաշիտին, ալ-Հալտիյա, Պուսթան ալ-Քասր թաղամասերու, ինչպէս նաեւ Սալահ-էտտին հրապարակի մօտակայքը՝ զինեալներու եւ կառավարական բանակի զինուորներուն միջեւ տեղի ունեցած են բախումներ:
Մինչ այդ, երկրի վարչապետ Ուաէլ ալ-Հալիքի Դամասկոսի մէջ իրականացուցած է տնտեսական յանձնաժողովի նիստ մը, ուր քննարկուած են հարցեր, որոնք կը վերաբերին ներքին շուկային մէջ լայն սպառման ապրանքներու եւ պարենամթերքի գիներու բարձրացումի արգիլման:
Հալէպի մէջ սննունդի բարդ իրավիճակը ստեղծուած է երբ գրոհայինները նահանգին  մէջ ոչնչացուցած են ուտեստեղէնի աւելի քան 1000 գործարան:

 

Հալէպի նահանգապետ Մուհամմատ Վահիտ Աքքատ հաստատած է, որ նահանգ հասցուած է  մեծ քանակութեամբ ալիւր եւ վառելանիւթ: Ասիկա թոյլ պիտի տայ լուծելու բնակչութիւնը հացով ապահովելու խնդիրը: Կը սպասուին նաեւ պարէնամթերքով լեցուն քարաւաններ: