Յունական defencenet.gr կայքէջի հաղորդման համաձայն, Հալէպի մէջ յայտնաբերուած է հրետանային ռումբի մաս մը, արգիլուած քիմիական նիւթ՝ ՍԱՐԻՆի բաղադրութեամբ, որ պատճառ դարձած է 20 հոգիի սպանութեան:
Այս յայտարարութիւնը կատարեց ՄԱԿի մօտ Ռուսաստանի ներկայացուցիչը, վկայակոչելով ռուսական հետազօտական կեդրոններու արդիւնքները:
Այս յայտնաբերումները կատարուած են մինչ Հոմսի մէջ կ'ընթանան ճակատագրական մարտեր, որ պատերազմի աւարտը կրնան նշանակել:
Հալէպը՝ դժուար կացութեան մէջ
Հալէպէն հասնող լուրերը տխուր են, ցոյց տալով դժուարին իրավիճակը ուր յայտնուած է ժողովուրդը, սնունդի, դեղօրայքի պակասներուն պատճառով: Ֆէյսպուքի մէջ «Մարմարա» թերթի հրապարակման համաձայն՝ քաղաքը շրջափակուած է, բոլոր մուտքերը փակ են եւ արդէն մի քանի օր Հալէպ սննդամթերք տանիլ չի յաջողուիր:
«Վեց օրէ ի վեր՝ Հալէպ եւ հալէպցիք հաւաքաբար կ՛ապրին իրենց կեանքին թերեւս ամէնէն մտահոգիչ պահերը։ Քաղաքը ամէն կողմէ շրջափակուած է: Ժողովուրդը սաստիկ յուզուած է ու սարսափահար։ Ուտեստեղէնի բոլոր վաճառատուներուն դարանները պարպուած են, խանութպանները փակած են իրենց փեղկերը։ Հինգ օրէ իվեր քաղաքին փուռերուն մեծ մասը չեն բանիր՝ ալիւրի չգոյութեան պատճառով։ Չկայ նաեւ վառելանիւթ եւ կազ։ Ըլլալու պարագային ալ՝ կը պահանջուին առասպելական գիներ։ Բայց ատկէ անկախ, շուկաներէն ամբողջովին անհետացած են այն բոլոր կենսական տարրական ուտեստեղէնները, որոնցմով ճաշ կը պատրաստուի կամ սեղան կը շտկուի»։