ՀՌՈՄ
Լարուածութիւն կը տիրէ Իտալիոյ մէջ համախոհական կառավարութեան շարքերէն ներս, ի տես Գերագոյն դատարանի վերահաս մարմնոյ դատավճռին՝ Պերլուսքոնի-Mediaset հեռուստատեսութեան կայանի հարկային գայթակղութեան հարցով:
Պերլուսքոնիին զօրավիգ կը կանգնի կեդրոն-աջ խմբակցութիւնը, որ համերաշխութեան որպէս քայլ՝ խնդրած է խորհրդարանի երեք օրուայ ընդմիջում «անհրաժեշտ մտորումներու» համար:
ՓԱՐԻԶ
Ֆրանսայի նախարարաց խորհուրդը որոշեց լուծել երկրէն ներս գործող ծայրայեղ աջակողմեան երեք կազմակերպութիւններ, քաղաքացիները խտրականութեան եւ ատելութեան մղող իրենց գործունէութեան պատճառով: