
Յունական in.gr կայքէջը կ'անդրադառնայ արաբական աշխարհի մէջ քաղաքական խմորումներու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, դիտել տալով թէ այդ երկիրներէն ներս բռնկած անկարգութիւններու հիմնական պատճառը՝ ժողովուրդի հիասթափութիւնն ու վրդովումն է իշխանութիւններու եւ պաշտօնական համակարգի կաշառակերութեան սանձարձակ երեւոյթին հանդէպ:
Այս եզրակացութեան յանգած է Transparency International (Միջազգային թափանցիկութիւն» կազմակերպութիւնը, որ համաշխարհային առումով հանրութեան կարծիքը չափելու կարեւոր կեդրոններէն մէկը կը հանդիսանայ:
«Արաբական գարունը» երեւոյթ էր որ չորս երկիրներու մօտ տեղի ունեցաւ՝ Եգիպտոս, Թունիզ, Եմէն եւ Լիպիա: Այս չորս երկիրներուն մէջ ժողովրդային բողոքը յանգեցաւ իշխանափոխութեան, այսուհանդերձ՝ անցնող երկու տարուան ժամանակաշրջանին մէջ, երկիրներու քաղաքացիները ոչ միայն վստահութիւն չեն զգար իրենց նոր իշխանութեան հանդէպ, այլ կը հաստատեն թէ կաշառակերութեան չափանիշները կտրուկ աճ արձանագրած են:
Եգիպտոսի մէջ ժողովուրդի 64%ը, Թունիզի մէջ՝ 80%ը, եւ Լիպիոյ մէջ 46%ը կը հաւատան թէ երկրէն ներս մաքուր եւ թափանցիկ համակարգ չկայ:
Ինչ կը վերաբերի Եգիպտոսի, պէտք է նշել թէ քաղաքացիներու 78%ը վստահութիւն չունի ոստիկանութեան հանդէպ: Միաժամանակ այս ցուցանիշը 45%ի կը նուազի երբ հարց կը տրուի բանակի մասին, որ յարգուած ու սիրուած կառոյց է երկրէն ներս (չմոռնանք ժողովուրդի զօրակցութիւնը բանակին, երբ անցեալ շաբաթ տապալեց իսլամիստ նախագահ Մորսին):
Նոյն հետազօտութիւնը կը զբաղի նաեւ արաբական մնացեալ երկիրներու մէջ ստեղծուած ընկերային կացութեամբ, հոն ուր ժողովրդային անկարգութիւններ տեղի չունեցան, բայց «արաբական գարուն»ը ճնշում եւ քաղաքական լարուածութիւն ստեղծեց:
Ճակատագրական զարգացումներ Եգիպտոսի մէջ
Եգիպտոսի մէջ ճակատագրական զարգացումները մօտալուտ կը նկատուէին ու այդպէս ալ եղաւ: Նախագահ Մորսին հրաժարելու հրաւիրող երկրորդ պայմանաժամի աւարտին, ի տես այս վերջնոյն անշարժութեան, բանակը որոշած է կացութիւնը ձեռք առնել: Տապալած է «Մահմետական եղբայրներ»ու ղեկավար Մորսին, որ մինչդեռ ժողովրդավար ձեւով ընտրուած առաջին նախագահն էր երկրին: Փոխ նախագահի պաշտօնը առժամաբար յանձնուած է Մոհամետ Էլ Պարատէյի, որ բարի կամեցողութիւն ցուցաբերելու առաջին քայլը արդէն առած է նա-խարարներու պաշտօններ առաջարկելով ընդդիմութեան:
Եգիպտոսի զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարը՝ զօր. Ապտէլ Ֆաթահ ալ-Սիսի հեռատեսիլէն ունեցած ելոյթին պաշտօնապէս յայտնած է, որ Մորսի հեռացուած է: Այս լուրը անհուն ցնծութեամբ դիմաւորուած է պաշտօնանկ նախագահին ընդդիմադիրներուն կողմէ, որոնք զանգուածային ցոյցեր կը կատարէին երկրին չորս կողմը:
Զօր. ալ-Սիսի յայտարարած է նաեւ, որ ներկայիս կը սկսի անցումային շրջան մը, առժամապէս կÿառկախուի Սահմանադրութիւնը, կը կազմակերպուին նախագահական կանխահաս ընտրութիւններ, առժամեայ նախագահը սահմանադրական որոշումներ կայացնելու իրաւասութիւն կ'ունենայ անցումային այս շրջանի ընթացքին, կը կազմուի մասնագէտներէ բաղկացած՝ այս յատուկ շրջանին ղեկավարելու ատակ կառավարութիւն մը, եւլն., եւլն.:
* * *
Մորսի բանակին կողմէ կը պահուի Ներքին գործոց նախարարութեան մէջ: Ներկայիս իր համակիրներուն բողոքի ալիքը ծայր առած է, կը դատապարտեն զինուորական հարուածը, զայն վար առնելու համար գործածուած բանակային ուժը, յիշեցնելով, որ Մորսի ընտրուած է ժողովրդավարական սկզբունքներու յարգանքով:
* * *
Առանց մեկնաբանելու իրադարձութիւնները, Եւրոպական Միութիւնը եգիպտական բոլոր կողմերուն՝ կարելի եղածին չափ արագօրէն ժողովրդավարական գործընթացին վերադառնալու կոչ ըրած է:
* * *
ԱՄՆ-ու նախագահը Պարաք Օպամա՝ Մորսիի հեռացումէն ետք յայտնած է իր խոր մտահոգութիւնը, ու կոչ ըրած է վերատեսութեան ենթարկելու ԱՄՆ-ու կողմէ Եգիպտոսի ցուցաբերուած ռազմական օգնութիւնը, որ տարեկան 1,5 միլիառ տոլար է: Ան կոչ ըրած է նաեւ արագօրէն քաղաքացիական նոր կառավարութիւն մը կազմելու եւ եգիպտական բանակին ալ յորդորած է կամայականօրէն չձերբակալել Մորսիի կողմնակիցները: Սակայն նոյն գիշերը հասած լուրերու համաձայն, Եգիպտոսի Ապահովութեան ծառայութիւնը հրահանգած էր 300 «Մահմետական եղբայրներ»ու ձերբակալութիւնը:
* * *
Ցոյցերու ընթացքին, Մորսիի թեր ու դէմ խմբակներու միջիւ ծագած խռովութիւններուն 5 հոգի մեռած է: Այս թիւը՝ Յունիսի վերջաւորութենէն ի վեր Մորսիի դէմ ցոյցերուն սպաննուածներուն ընդհանուր գումարը կը հասցնէ 52ի:
400 ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ ԿԱՅ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան յայտնած է, որ ներկայիս 400 Հայաստանցի Եգիպտոս կը գտնուի: Ան աւելցուցած է, թէ մինչեւ օրս ոչ մէկ միջադէպ արձանագրուած է անոնց առընչուող: Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յանձնարարէ խուսափիլ դէպի այդ երկիրը ճամբորդելէ:
ՄՈՐՍԻԻ ԱՆԿՈՒՄԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐԸ ԹՐՔԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ
Թուրքիոյ իշխանութիւնները գրեթէ չէին արտայայտուած Եգիպտոսի իրադարձութիւններուն, Մորսիի անկումին մասին: Միայն Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, հաղորդագրութեան մը մէջ ընդգծած էր «կայունութեան վերահաստատման» կարեւորութիւնը՝ Թուրքիոյ եւ ամբողջ շրջանին համար:
Հետաքրքրական է այն երեւոյթը, որ Չորեքշաբթի, Յուլիս 3ին, նախքան եգիպտական բանակին միջամտութիւնը, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու «պապէն աւելի պապական», խուճապահար հեռաձայնած է եւրոպական շարք մը երկիրներու մայրաքաղաքները, որպէսզի արգելք հանդիսանան նման միջամտութեան, բայց ի դերեւ ելած են անոր ջանքերը:
Մինչ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կը փորձէ խուսափիլ այս մասին յայտարարութիւններէ, իշխանութեան գլուխը գտնուող կրօնամէտ AKP կուսակցութեան առաջնակարգ բազմաթիւ դէմքեր խստօրէն դատապարտած են պետական հարուածը, եւ յայտնած են իրենց զօրակցութիւնը Մորսիի, որ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի մտերիմ բարեկամն է… այն աստիճան, որ անցեալ աշնան՝ գացած է ներկայ գտնուելու Էրտողանի AKP կուսակցութեան համագումարին: Որոշ AKP-ականներու համաձայն, Եգիպտոսի մէջ այսօրուան զարգացումները տեղի ունեցած են արեւմտեան կարգ մը երկիրներու դրդումով, որոնք ըստ այդ կուսակցականներուն՝ չեն հանդուրժած «Մահմետական եղբայրներ»ուն իշխանութեան գլուխ գալուն: AKP կուսակցութեան փոխնախագահ Հիւսէյին Չէլիք համեմատելով եգիպտական զինուորական այս հարուածը՝ իր երկրին մէջ 1960ին եւ 1980ին կատարուածներուն հետ, համոզում յայտնած է, թէ այս ձեւով՝ վերջ ի վերջոյ Հոսնի Մուպարաքի կողմնակիցները պիտի վերադառնան: Չէլիքի կարծիքով, բանակը լուծում չի կրնար բերել Եգիպտոսի խնդիրներուն, ինչպէս օրինակ՝ տնտեսականին:
Դէպքերը դեռ շատ թարմ ըլլալով, Թուրքիոյ մէջ առայժմ շատ չեն երկու երկիրներու անցքերուն միջեւ կատարուած բաղդատականները: Սակայն, ընդդիմադիր երեսփոխան Քամէր Կէնչ արդէն Էրտողանը կը նման-ցընէ Մորսիին: Եւ նոյնիսկ եթէ տարբերութիւններ կան երկու երկիրներու միջեւ, Եգիպտոսի հետ հասարակաց կէտ է՝ Թուրքիոյ մէջ եւս երկրին ղեկավարին՝ Էրտողանի տկարացումը՝ ժողովորդական բողոքին պատճառով: Եւ այս զայրոյթին ծալքերուն մէջ ալ կան բազմաթիւ այլ նմանութիւններ, որոնցմէ ամենէն յատկանշականը՝ բնակչութեան աշխարհական խաւին՝ կրօնամէտ, իսլամապաշտ կոչուածին դէմ յայտնած բողոքն է:
Ամէն պարագայի, ինչ որ յստակ է, Եգիպտոսի մէջ այսօր պատահածը կը տկարացնէ Թուրքիոյ դիրքը շրջանին մէջ, ուր այս վերջինը բացորոշ կերպով՝ արաբական երկիրներուն յարող քաղաքականութիւն մը որդեգրած էր վերջին տասնամեակին: Պիտի տկարացնէ նաեւ թրքական AKP կուսակցութիւնը, իր՝ «կրօնամէտ բայց ժողովրդավար»ի տիպարով: Եւ նոյնիսկ եթէ եգիպտական այս վերջին զարգացումները անմիջական շօշափելի հետեւանքներ չունենան Թուրքիոյ վրայ, անհերքելի է այն հեռանկարը, որ անոնք ա՛լ աւելի պիտի հրահրեն Էրտողանի «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» (AKP) կուսակցութեան դէմ բռնկած բոցը: