Հակառակ վերջին օրերուն Սուրիահայութեան մօտ տիրող հանդարտ օրերուն՝ Սուրիոյ մէջ լարուած մթնոլորտը կը յամենայ:

«Երկիր Մետիա» կը յայտնէ, որ յատկապէս դժուար կացութիւն կը տիրէ առօրեայ խնդիրներու լուծման, ուտեստեղէնի ապահովման գործին մէջ: Սակայն հակառակ այդ ամէնուն, հալէպահայութիւնը կը շարունակէ կառչած մնալ իր աւանդութիւններուն:

Այսօր շատ աւելի ուժգին դարձած է ահազանգը, որ սուրիական երբեմնի տնտեսական մայրաքաղաքը կը յայտնուի սնունդի, առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու եւ վառելանիւթի պաշարման մէջ:

Հալէպի վիճակը կը շարունակէ մտահոգիչ մնալ: Ֆիզիքական վտանգին այժմ աւելցած է նաեւ կենցաղային վտանգը: Թէեւ այս խնդիրը կար նաեւ նախորդ քանի մը ամիսներուն, սակայն այժմ, երբ քաղաքը յայտնուած է շրջափակման մէջ, խնդիրը սաստկացած է:

Այսօրուան դրութեամբ Սուրիոյ նահանգներէն դէպի Հալէպ ելքն ու մուտքը փակ է: Սնունդի հարցին մէջ մեծագոյն խնդիրը ալիւր ձեռք բերելն է, փակ են գրեթէ բոլոր հացի փուռերը:

Պենզինը եւս խնդիր դարձած է: Զայն գրեթէ կարելի չէ ձեռք ձգել, իսկ գոյութիւն ունենալու պարագային ալ՝ տասնապատիկ սուղ է:

Միւս խնդիրը բժիշկներու հարցն է: Բժիշկներուն հիմնական մասը կը գտնուի երկրէն դուրս, իսկ շտապօգնութեան աշխատանքները կանգնած են: