Լոս Անճըլըսի մէջ, գումարուած է Հայ բժիշկներու համաշխարհային 11րդ համագումարը: Մասնակցած են շուրջ 400 բժիշկներ եւ հիւանդապահներ՝ Գանատայէն, Ֆրանսայէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Ռուսաստանէն, Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ:
Բացման խօսքը արտասանած է Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար, փրոֆ. Դերենիկ Դումանեան, որ կարդացած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձն ալ:
Բացման ուղերձներ արտասանած են նաեւ ԼՂՀ-ի Առողջապահութեան նախարարուհի Զոյա Լազարեան, Լոս Անճըլըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, Հայ բժիշկներու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Ճերրի Մանուկեան: