Յունաստանի մէջ  Մայիս 19ին, Պոնտոսցիներու ցեղասպանութեան յիշատակի տօնակատարութիւններու հրաւիրուած դասախօս հայազգի Փիթըր Քութուճեան  իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան թափուր աթոռի լրացուցիչ ընտրութիւններուն:


Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդած են, որ Քութուճեան պիտի մասնակցի Մասաչուսեցի 5-րդ ընտրատարածքի քոնկրեսական աթոռին շուրջ պայքարին:
1961-ի ծնունդ Քութուճեան իր նախընտրական քարոզարշաւին սկիզբը յայտարարած է՝ շուրջ չորս վայրկեան տեւողութեամբ տեսանիւթով մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ նաեւ իր հայկական արմատներուն: Ան նշած է, որ իր հօր հայրն ու մայրը Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն տեղափոխուած են Թուրքիայէն, իսկ մօր կողմի ազգականները՝  Իրլանտայէն: «Ծնողներս մէջս սերմանած են մարդոց օգնելու, անոնց կեանքը դէպի լաւ փոխելու ցանկութիւնն ու պատրաստակամութիւնը» ըսած է ան: