Քալիֆորնիայի բանտարկեալներու ներման դիմումները քննող յանձնաժողովը երէկ կայացած դատական իր նիստին ընթացքին,
մերժեց Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Քեմալ Արըքանի սպանութեան մեղադրանքով ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած Համբիկ Սասունեանի ներման դիմումը:
Երեք տարի առաջ նման դիմում մը դարձեալ մերժուած էր:
Հայորդին ներման դիմում կրնայ ներկայացնել երեք տարի յետոյ միայն։