Թրքական «Թաքվիմ» պարբերականի լրագրող Էրկիւն Տիլեր իր՝ «Հռոմի պապի Կեզին» խորագիրով յօդուածին մէջ կ'անդրադառնայ Կեզի հանրապարտէզի իրադարձութիւններուն, ուր փորձ կը կատարէ մեղադրելու Թուրքիոյ «թշնամիները»՝ յիշատակելով տարիներ առաջ Պոլսոյ մէջ Հռոմի այժմու պապին հետ տեղի ունեցած դէպք մը:

«Թաքվիմ»-ի լրագրողը կը գրէ, որ Հռոմի այժմու պապը 2008-ին՝ տակաւին կարտինալ եղած ժամանակ, այցելած էր Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասի դպրոցներէն մէկը եւ սեմինար կատարած:

«Կարտինալ Խորխէ Պերկոլիօ՝ նայելով թուրք աշակերտներու եւ ուսուցիչներու աչքերուն մէջ, ըսած էր. «Թուրքերը Հայոց Ցեղասպանութիւն կատարած են: Ատիկա պէտք է ընդունիք»: Այս խօսքերէն ետք սրահը պայթած է ծափերէն: Ահա, հիմա այդ դպրոցէն եւ նմանատիպ այլ դպրոցներէն եղողներ Կեզի հանրապարտէզին մէջ շատ են», կը գրէ «Թաքվիմ»-ի լրագրողը: