Հռոմէական եւ բիւզանդական գլուխ գործոցներ զոհ կ'երթան ներազգային պատերազմին

ԻՒՆԵՍՔՕ համաշխարհային ժառանգութեան բոլոր վեց սուրիական յուշարձանները ընդգրկեց այն ցանկի մէջ, որոնք սպառնալիքի տակ են՝ ներքին պատերազմի հետեւանքով:

Մշակութային ժառանգութեան համաշխարհային ցանկի մէջ ներառնուած են սուրիական վեց յուշարձաններ՝ Դամասկոսի հին քաղաքը, Հալէպի հին քաղաքը, Փալմիրայի հնագիտական յուշարձանները, Պոսրայի հին քաղաքը, Հոսփիթալիէրներու Գրգ տը Շեւալիէի դղեակը եւ Քրալաթ Սալիհ Էտ Դին դղեակը ու հիւսիսային Սուրիոյ հնադարեան գիւղերը: ԻՒՆԵՍՔՕի կարծիքով, ներկայիս բոլոր այդ կառոյցները սպառնալիքի տակ են: Սուրիոյ ներքին պատերազմի պատճառով այսուհետեւ անկարելի է երաշխաւորել այս վեց կառոյցներու պահպանութիւնն ու պաշտպանութիւնը, կը նշէ կազմակերպութիւնը: