Մինչ Եգիպտոսը կը ցնցուի բազմամարդ ցոյցերէ՝ եգիպտական բանակի 48 ժամուայ պայմանաժամը կտրուկ մերժեց նախագահ Մոհամետ Մորսի, յայտարարելով թէ չի հրաժարիր եւ ոեւէ մէկէ հրահանգներ չի ընդունիր:

Յայտնենք, որ օր մը առաջ, եգիպտական բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակած էր, ուր կը վերահաստատէր եգիպտացի ժողովուրդին պահանջները բաւարարելու իր կոչը՝ յայտարարելով, որ «48 ժամուան պայմանաժամը վերջին առիթ է՝ ստանձնելու համար բեռը, երկրին դիմագրաւած պատմական պահուն, որ պիտի չներէ որեւէ ուժի, որ կը զլանայ իր պատասխանատուութեանց տէր կանգնիլ»։

Չորս նախարարներ հրաժարեցան կառավարութենէն՝ առ ի զօրակցութիւն եգիպտական ընդդիմութեան։

Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարար Մոհամետ Մուսթաֆա Համետ յայտարարեց, որ Գահիրէի եւ նահանգներուն մէջ Մորսիի համակիրներուն եւ հակառակորդներուն միջեւ բախումներուն ընթացքին արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացած է 16ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 781ի։

Ժողովուրդը վերանորոգ աշխուժութեամբ հաւաքուեցաւ դարձեալ Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ եւ այլ նահանգներու մէջ՝ պահանջելով Մորսիի հեռացումը։

Տիրող շատ զգայուն եւ լարուած կացութեան մէջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Եգիպտոսի մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց ինքնազսպում ցուցաբերելու: Սթէյթ Տիփարթմընթի աղբիւրներ կը հաղորդեն թէ ամերիկեան միջամտութիւն կատարուած է՝ ուղղակի յանձնարարելով Մորսիի արտակարգ ընտրութիւններ յայտարարելու: