ԵՐՈՒՍԱՂԵՄ

Երուսաղեմի Հայոց պատրիարք. «Ամենեւին էլ աշխարհի վերջը չի լինի, եթէ Իսրայէլը ճանաչի Ցեղասպանութիւնը»

Իսրայէլեան «Հաարեց» թերթին տուած հար- ցազրոյցին մը մէջ Երուսաղեմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի մասին, դիտել տալով թէ «ամենեւին էլ աշխարհի վերջը չի լինի, եթէ Իսրայէլը ճանաչի Ցեղասպանութիւնը»:

Նշենք, թէ Իսրայէլը չէ ճանչցած նաեւ նորընտիր պատրիարքին, ինչ որ Յորդանանն ու Պաղեստինը կատարեցին կէս տարի առաջ՝ առանց որեւէ ուշացումի:

Համբերութիւնը այլեւս հատած՝ Յունիս 4-ին կատարուեցաւ Հայոց պատրիարքի գահակալման արարողութիւնը:

Օրէնսդրական որեւէ պարտաւորութիւն չկայ, բայց Սուրբ Քաղաքի հին աւանդութիւնն է ճանաչման համար դիմում յղել: Իսրայէլի վարչապետի խօսնակը ձգձգումներու որեւէ պատճառ չէ փոխանցած, պարզապէս լռութիւն կը տիրէ: Այսուհանդերձ տեղացի փրոֆեսէօր, կրօնական հարցերով փորձագէտ Ամոն Ռամոն ըսած է, թէ բիւրոկրատական եւ հարցին անհրաժեշտ կարեւորութիւն չտալն են հաւանաբար ձգձգման պատճառները...:

Նուրհան Մանուկեանը իր հարցարզրոյցին մէջ ըսած է նաեւ, որ քաղաքն ու պետութիւնը հայերուն չեն օգներ բաւարար կերպով, ոչ ալ բարգաւաճման հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն:

«Որեւէ մէկը հայերի կամ Հայաստանի մասին որեւէ բան չգիտի, եւ անգամ նրանց խնդիրների մէջ չեն հայերը: Մենք համայնքի անդամ չենք, նրանք մեզ այդպիսին չեն համարում:
Մենք երրորդ դասի քաղաքացիներ ենք», ըսած է արքեպիսկոպոսը:

Աւելցնենք, որ Յունիսի սկիզբին տեղի ունեցած գահակալութեան արարողութեան ընթացքին, պատրիարքը կարեւորութեամբ նշած էր ներդաշնակութեան ու բարեկամութեան հարցերը, բոլոր այն ժողովուրդներուն միջեւ, որոնք Երուսաղեմը կը դաւանեն որպէս իրենց տունը:

Պատրիարքի ընտրութեան   պաշտօնական ընդունելութեան ներկայ եղած են Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապաս եւ վարչապետ Սալամ Ֆայատը, իսկ հետագային հանդիպում տեղի ունեցած էր Յորդանանի Ապտալա թագաւորին հետ:

Երուսաղեմի պատրիարքի աթոռը թափուր մնացած էր նախորդ տարուայ Հոկտեմբերէն, երբ 22 տարի պաշտօնավարելէ յետոյ վախճանած էր Թորգոմ արք. Մանուկեանը:\

 

ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ - ՖՐԱՆՍԱ
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ  ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱ Կ'ԱՅՑԵԼԷ

Սուրբ Էջմիածնի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայրապետական այցով Յունիս 23ին մեկնած է Ֆրանսա եւ Զուիցերիա՝ թեմական-եկեղեցական հարցերու համար:

Այցի ընթացքին Գարեգին Բ. Կաթողիկոս հանդիպումներ կþունենայ թեմական-վարչական կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներու հետ:

 

ՖՐԱՆՍԱ

ԵՐԿՐՈՐԴ ՌԱՏԻՈԹՈՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ 

Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Փարիզի «ԱՅԲ FM»ի կազմակերպած երկրորդ ռատիոթոնը, որ միեւնոյն ժամանակ կը սըփռուէր նաեւ Լիոնի եւ Վալանսի հայկական ռատիոկայաններէն։ Առաջին ռատիոթոնը տեղի ունեցած էր 29 Սեպտեմբեր 2012-ին, որու ընթացքին հաւաքուած էր շուրջ 45.000 եւրօ, եւ որ ուղղակի փոխանցուած էր Սուրիոյ միացեալ կեդրոնական շտապին։

5 ժամ տեւած յայտագրի ընթացքին ռատիոկայան այցելեցին եւ քաջալերական ելոյթ ունեցան Ֆրանսայի երեք յարանուանութեանց պետերը՝ Նորվան արք. Զաքարեան, Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան եւ պատուելի Սաքօ Պարութճեան, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, Հայ Դատի Յանձնախումբի, «Նոր Սերունդ»ի, Հայ Կապոյտ Խաչի, Համազգայինի, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի ներկայացուցիչները։

Սթիւտիոյին մէջ ներկայ էր շարժապատկերի բեմադրիչ Ռոպէր Քէշիշեան։ Մասնակցութիւն բերին նաեւ արուեստագէտներ Սերժ Աւետիքեան, Սիմոն Աբգարեան եւ Ժիրայր Փափազեան, որոնք իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին ունկնդիրներուն, վեր առնելով Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն թիկունք կանգնելու անհրաժեշտութիւնը։

Ժամը անգամ մը ուղղակի հեռաձայնային կապ հաստատուեցաւ սուրիահայ ղեկավար անձնաւորութիւններու հետ, Հալէպ եւ Դամասկոս, որոնք ներկայացուցին իւրաքանչիւր շրջանի մէջ տիրող կացութիւնը եւ կարիքները։

Հաւաքուեցաւ մօտ 30.000 եւրօ, որ ուղղակի պիտի փոխանցուի սուրիահայ օգնութեան միացեալ շտապին։

Այստեղ կþարժէ նշել կարգ մը յուզիչ եւ ոգեշնչող պարագաներ, ինչպէս՝ Շաւիլի միօրեայ դասարանի փոքրիկ աշակերտները, որոնք իրենց շաքար-շոքոլայի գումարները տրամադրեցին եւ գոյացուցին 50 եւրօ…։ Եւ կամ՝ Հայ Թաքսիի Վարորդներու Միութեան անդամներու ժեսթը, երբ անոնցմէ ոմանք տեղ մը հաւաքուած ըլլալով եւ ձայնասփիւռին հետեւելով՝ իրենց մէջ գոյացուցին 510 եւրօ։

Այս ռատիոթոնը եւս վերջակէտ չէ։ Օգնութեան գործը պիտի շարունակուի այնքան ատեն որ անհրաժեշտ է, նոյն թափով եւ աւելի լայն տարողութեամբ։ 

Գ.Դ.

 

ՇԱՐԺԱՆԿԱՐ «ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒ ՇՇՈՒՆՋԸ» (LE MURMURE DES RUINES) ԺԱՊԱՒԷՆԸ՝ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՍՏԱՌՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ 

Լիլիան տը Քերմատէքի ժապաւէնը, որ նկարահանուած է Շուշիի մէջ 2008ին, Յունիս 26ին սկսաւ ցուցադրուիլ Ֆրանսայի պաստառներու վրայ: Հայերէն լեզուով, 93 վայրկեան երկարութեամբ այս ժապաւէնին արծարծած պատմութիւնը կը սկսի Կովկասի մէջ ալիւր կրող բեռնատար կառքի մը՝ իր ճամբան կորսնցնելով: Վարձակառքի վարորդ՝ Սեւակ կÿուզէ այս իրավիճակէն օգտուիլ: Սողոմոն եւ Զոյա Պաքուէն տեղահանուածներ են, որոնք տարբեր ազդեցութիւններ կրած են այդ ճակատագրէն: Զոյա, հակառակ անոր, որ շատ աւելի ընկճուածն է, գաղափարը կÿունենայ այս առիթը օգտագործելով՝ Շուշիի մէջ վերջապէս փուռ մը բանալու, որու խիստ կարիքը կը զգացուի քաղաքին մէջ…

Շարունակութիւնը պաստառին վրայ…

Նշումի արժանի է նաեւ այն կէտը, որ բոլոր դերասանները Շուշիի քաղաքացիներ են:

Ժապաւէնը արդէն ներկայացուած է Սան Ֆրանսիսքոյի, Երեւանի, Պրիւսէլի, Գրէթէյլի (Փարիզեան շրջան), Ճորճիայի եւ Գալիֆորնիոյ, Լոս Անճըլըսի (ԱՄՆ) շարժանկարի փառատօներուն:

 

ՀՈՆԿ-ՔՈՆԿ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆ ԿԸ ՍՏԵՂԾՈՒԻ

Յունիս 15ին, Չինաստանի հայ համայնքը, որ աւելի ծանօթ է «ՉայնաՀայ» անունով, Կուանկժուի մէջ համախմբուած է՝ երեկոյթ մը կազմակերպելով, Հոնկ-Քոնկի մէջ հայկական համայնքային կեդրոնի մը բացումին հեռանկարով: Աւելի քան 90 հոգի ներկայ եղած են: Այս առթիւ Գանատայէն հրաւիրուած է երգիչ Արթիւր Աբգարեան եւ իր երգչախումբը: Համերգէն ետք, ան իր տպաւորութիւնները արտայայտելով, ըսած է, թէ խորապէս ազդուած է համայնքէն եւ զարմացած է տեսնելով, թէ տեղւոյն հայ երիտասարդութիւնը որքա՛ն կապուած է Հայաստանի, հակառակ՝ երկու երկիրներու աշխարհագրական մեծ հեռաւորութեան:

Չինաստանի մէջ հայ համայնքը ներկայ է բազմաթիւ քաղաքաներու մէջ, ինչպէս Հոնկ-Քոնկ, Պեժինկ, Շանկհայ, Կուանկժու, Շէնժէն: «ՉայնաՀայ»ութիւնը ունի նաեւ կայքէջ մը եւ Դիմագիրքի հասցէ մը, անոնց համար, որոնք կþուզեն իրեն աւելի մօտէն ծանօթանալ՝ www.chinahay.com Facebook: groupe ChinaHay