Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները պատճառ դարձան, որ սուրիահայերու զգալի մաս մը, կամայ թէ ակամայ հեռանայ երկրէն։
ԵՌԱԳՈՅՆ-ի ունեցած տուեալներուն համաձայն՝ համայնքը նօսրացած է 17-18000 հայերու հեռանալով։ Բարեբախտաբար հեռացողներուն ստուար մասը ապաստան գտած է Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ. այնտեղ գտնուողներէն շատ շատեր կը սպասեն իրավիճակի բարելաւման՝ Սուրիա վերադառնալու յոյսով։
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար՝ Ֆիրտուս Զաքարեան, ԵՌԱԳՈՅՆ-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ այժմ Հայաստանի մէջ կայ մօտ 8.000 սուրիահայ, երկու տարիներու ընթացքին Հայաստան եկած է մօտ 13.000 սուրիահայ, իսկ այստեղ մնացած է 8.000-ը: Մնացեալ թիւը կամ վերադարձած կամ ալ մեկնած է այլ երկիրներ։
Հայաստանէն Սուրիա վերադարձած է մօտ 3.000 սուրիահայ, մօտ 2000-ն ալ մեկնած է Եւրոպայի տարբեր երկիրներ, սակայն Հայաստան մնացած 8000-ին մէջ եւս կան անորոշութեան մատնուած մարդիկ, որոնք կը սպասեն իրավիճակի բարելաւման եւ անոնց հայեացքը ուղղուած կը մնայ դէպի Սուրիա։ Կան նաեւ Եւրոպայի վիզային սպասող սուրիահայեր։
ԵՌԱԳՈՅՆ-ի աղբիւրներուն համաձայն՝ Լիբանան հաստատուած է մօտ 800 ընտանիք. այլ աղբիւրներու համաձայն՝ այժմ Լիբանանի մէջ կայք հաստատած է մօտ 7000 սուրիահայ, իսկ Սուրիայէն դէպի Եւրոպա եւ այլ երկիրներ տեղափոխուած է մօտ 2000 հայ։
Հալէպ քաղաքը շրջափակուած է: Հաւանաբար, եթէ շրջափակումը չըլլար հայերու հոսքը երկրէն կը շարունակուէր:
Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւն-ներուն բազմաթիւ ընտանիքներ կը սպասեն ճանապարհի բացման, որպէսզի թէկուզ ժամանակաւոր՝ Հայաստան երթան։ Գամիշլիի հայկական համայնքէն մեծ թիւով արտագաղթ եղած է, ուր մերթընդմերթ կը գործէ Գամիշլի-Երեւան ուղիղ թռիչքը։
Այնուամենայնիւ, նուիրեալ հայորդիներու շնորհիւ, Սուրիոյ համայնքը կը մնայ ամուր, ազգային դպրոցները կը գործեն՝ հակառակ տիրող դժուարին պայմաններուն։
Սուրիայէն Հայաստան տանող ցամաքային միակ ճանապարհը փակուած է
Քեսապ-Թուրքիա սահմանային անցակէտը չի գործեր։ Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի մամուլի քարտուղար Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է թէ փակուած է Սուրիայէն Հայաստան տանող ցամաքային միակ ճանապարհը։ Ան ըսած է թէ պատճառները յայտնի չեն, բայց ինք կը կարծէ, որ սահմանը փակուած է անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնած:
Այս անցակէտը Թուրքիոյ հետ վերջին ցամաքային ճանապարհն էր, որ պետական հսկողութեան տակ էր: Սահմանը փակելէն ետք Հայաստան-Թուրքիա-Սուրիա ցամաքային ճանապարհը հնարաւոր չէ օգտագործել, որովհետեւ մինչեւ հինգ տարի բանտարկութիւն նախատեսուած է ոչ օրինական անցակէտերը օգտագործելու պարագային: