Ուքրանիայի Գերագոյն պալատին մէջ շրջանառութեան դրուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւը պատճառ դարձած է «Պատքիւշչինա» խմբակցութեան երեսփոխան, Ղրիմի Թաթարներու ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Ճեմիլեւի հակազդեցութեան:

“Նոյնիսկ եթէ նախագիծը ընդունուի, չեմ կարծեր, որ նախագահը զայն ստորագրել ուզէ”,- ըսած է ան: Իր կարծիքով՝ այս նախագծին մշակումը չմտածուած եւ անհիմն է:

“Ուքրանիայի մէջ թրքախօս ժողովուրդները քանի մը անգամ աւելի շատ են, քան՝ հայերը: Նախագծին հեղինակները պէտք է հասկնան, որ ի՛նչպիսի վտանգաւոր հետեւանքներու կրնայ յանգեցնել այդ քայլը: Կրնայ փճացնել Ուքրանիայի յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ թրքախօս այլ երկիրներու հետ: Նախքան նման որոշում ընդունիլը՝ կառավարութիւնը լաւ պէտք է մտածէ”,- դիտել տուած է ան: