- «ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւն չնկատուի»

- Քիւրտիստանի քաղաքական կարգավիճակը ճշդուի

- Էօճալան ազատ արձակուի

Տիյարպեքիրէն Ֆէրիտ Ասլանի ստորագրութեամբ հաղորդուած լուր մը անսովոր մանրամասնութիւններ կուտայ Տիյարպեքիրի մէջ Քիւրտերու նախաձեռնութեամբ կայացած երկօրեայ համագումարի մը մասին, ուր յաճախակի կերպով կը խօսուի Քիւրտիստանին քաղաքական կարգավիճակ ճանչնալու ու Ապտուլլահ Էօճալանը ազատ արձակելու հրամայականներու ու այլ խնդիրներու մասին։ Հետաքրքրական է որ համագումարին անունն իսկ գործածած է “Քիւրտիստան” անունը։ Արդարեւ համագումարը կոչուած է “Հիւսիսային Քիւրտիստան՝ Միութեան եւ Լուծման Համագումար”։ Համագումարին ներկայ գտնուած է Մարտինի երեսփոխան ու Տէ-Թէ-Քէի Նախագահ Ահմէտ Թիւրք, իսկ երկօրեայ համագումարի աւարտին, եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը կարդացուած է Վանի անկախ երեսփոխան եւ Տէ-Թէ-Քէի փոխ նախագահ Այսէլ Թուղլուքի կողմէ։ Թուղլուք դիտել տուաւ որ վերջին հարիւր տարիները անցան «միատարր իշխանութիւն» հասկացողութեան դէմ Քիւրտիստանի ապստամբութեամբ եւ ազատութեան պայքարով։ Այս աւանդութեան գծով է որ վերջին երեսուն տարիներէ ի վեր պայքարը կը շարունակուի, Քիւրտ ժողովուրդին դիմադրութիւնը չէ փշրուած հակառակ Թուրքիոյ հանրապետութեան գործադրած բոլոր ոչնչացումներուն ու ճնշումներուն, ըսաւ Թուղլուք։

Թուղլուք ըսաւ որ այս համագումարը նշանակալից քայլ մըն է դէպի Քիւրտիստանի ու մերձակայ շրջաններու ազատ ապագան։ 

Համագումարը հաղորդագրութիւն մը հրատարակած է ուր կը պահանջէ հետեւեալները.-

* Բոլոր քաղաքական բանտարկեալները պէտք է ազատ արձակուին։

* Համագումարը կը կանգնի Սուրիոյ Քիւրտերու Րոժավա կոչուած շրջանի Քիւրտերու կողքին։

* Համագումարը կոչ կ’ընէ Իրաքի նախագահ Թալապանիին, Իրաքեան Քիւրտիստանի Դաշնակցութեան նախագահ Պարզանիին, եւ միւս կազմակերպութիւններուն որպէսզի ժամ առաջ Ազգային Համագումար մը կազմակերպուի։

* Համագումարը կը պահանջէ որ ՓՔՔ-ն այլեւս ահաբեկչական կազմակերպութիւն չնկատուի։

* Համագումարը կը պահանջէ որ Ապտուլլահ Էօճալան ազատ արձակուի։