ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա  Յունիս 5ին ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին նշանակեց իր ամենամօտիկ խորհրդականներէն մէկը նկատուող Սամանթա Փաուըրը: Օպամա այս նշանակումը կատարեց, երբ որոշեց ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու ներկայ դեսպանը՝ Սիւզըն Ռայսը, նշանակել Ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական՝ փոխարինելով Թամ Տանիըլը: Փաուըր 2002ին «Փուլիցըր» մրցանակին տիրացած էր ցեղասպանութիւններու նուիրուած իր գիրքին համար, որուն մէջ կը քննուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան հակազդեցութիւնը ցեղասպանութեանց նկատմամբ: Գիրքին մէջ ան համոզում կը յայտնէ, թէ հայերու, հրեաներու, Քամպոտիոյ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները տեղի ունեցած են, որովհետեւ իշխանութիւնները աչք փակած են եւ պաշտօնատարներ որոշած են չմիջամտել: «Ամենատարածուած պատասխանը՝ «մենք չենք գիտեր»ն է, ինչ որ ճիշդ չէ», գրած է Փաուըր: