Հալէպի մէջ տեղի ունեցած բախումները հայ երկու նոր զոհ պատճառած են:
Անոնցմէ մէկը մահացած է բանտի ռմբակոծութեան ժամանակ:
Անունը դեռ չէր յայտարարուած: Իսկ երկրորդ զոհը՝ 52ամեայ Յարութ Պալապանեանն է: Մայիս 25ին վիրաւորուելէ, ապա վիրահատուելէ ետք՝ Մայիս 31ին ան մահացած է իր տան մէջ:
Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ երկու տարիէ աւելի է շարունակուող հակամարտութեան ընթացքին, ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, մահացած է 80.000 հոգի, երկրէն գաղթածներու թիւը անցած է 1,5 միլիոնի սահմանը, իսկ ներքին գաղթականներունը՝ 4,25 միլիոնը: Մահացած հայերու թիւը կը գերազանցէ 40ը: