Սկովտիոյ մէջ այսուհետեւ Ապրիլ 24-ը պիտի նշուի իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր:

Սկովտիոյ խորհրդարանը 18 Ապրիլին որդեգրած է համապատասխան փաստաթուղթ մը, զոր ստորագրած է խորհրդարանական մեծամասնութիւնը՝ 64 երեսփոխան: Փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած է, որ Ապրիլ 24-ին Օսմանեան կայսրութեան հրամանով ձերբակալուեցան եւ սպաննուեցան հայ մտաւորականներ, եւ այդ օրը կը նկատուի հայերու դէմ  կոտորածներու սկիզբ: