Եւրոպական Միութեան կողմէ զէնքեր կը ղրկուին ըմբոստներուն,

մինչ Մոսկուա հրթիռներ կը տրամադրէ Ասատին

 

Յունական «Սոֆոքլէուս» կայքէջի հաղորդման համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը գործօն դերակատարութիւն վերցուցած է Սուրիոյ հարցին մէջ, Գերմանիոյ գերակայութեամբ, որ որոշեց զէնքեր տրամադրել հակակառավարական ուժերուն։ Հազիւ այդ որոշումը տրուեցաւ, Մոսկուա իր կարգին իր մտադրութիւնը յայտնեց հրթիռներ տրամադրելու Պաշար Ալ Ասատին։ Լարուած այս վիճակը ստեղծուած է նոյն պահուն, երբ ԱՄՆ, Ռուսաստան եւ Չինաստան համաձայնութիւն յայտնած են միջազգային խորհրդաժողով գումարելու Սուրիոյ մէջ, սահուն անցումային իրավիճակ ստեղծելու ճիգ կատարելով եւ փորձելով խուսափիլ ծայրայեղութիւններէն...։

Եւրոպայի որոշումը անակնկալի մատնած է նաեւ Ուաշինկթընը։

Յատկանշական էր Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարի գրգռիչ յայտարարութիւնը, որ պաշտպանելով Եւրոպայի որոշումը, ըսաւ թէ դժուար բայց անհրաժեշտ պատգամ պէտք է ուղղել Ասատին։ Ըստ որոշման, եւրոպական առանձին երկիրներ կրնան վերազինել սուրիացի ապստամբները Օգոստոսէն սկսեալ։

Մինչ այդ, Սուրիոյ մէջ իշխանութեան եւ ապստամբներու միջեւ ընթացող պայքարը անկիւնադարձային փուլ թեւակոխած էր անցեալ Կիրակի, երբ Ասատի զօրքերը յարձակեցան եւ գրաւեցին Քուսէյրի շրջանը։ Այս քաղաքը ռազմագիտական առումով կարեւոր նշանակութիւն ունի, քանի մայրաքաղաք Դամասկոսը կը կապէ Լաթաքիոյ, ուր կը գտնուին վարչակարգին յետին խարիսխները: