Անցնող օրերուն Ատըրպէյճան այցելած Վրաստանի նախագահ Մ. Սահակաշվիլի յայտարարած է, թէ Հարաւային Կովկասի ճակատագիրը կ'որոշուի Պաքուի մէջ։
Ան «Թրենտ» լրատու գործակալութեան ըսած է հետեւեալը. «Եւրոպայի եւ ընդհանրապէս աշխարհի ազատութեան ճակատագիրը այսօր կ'որոշուի այս տարածաշրջանի եւ մասնաւորապէս Ատրպէյճանի մէջ»։ Սահակաշվիլիի կարծիքով՝ շրջանին մէջ կան ուժեր, որոնք շահագրգռուած են Ատրպէյճանի ապակայունացմամբ. «ատիկա ակնյայտ է եւ յօրինուած հարց մը չէ. այդ ուժերը որեւէ ճիգ չեն խնայեր այս երկրի յառաջընթացը կանխելու համար»,- շեշտած է Վրաստանի նախագահը։ Պաքուի մէջ կազմակերպուած միջազգային ֆորումին առիթով, Սահակաշվիլի կարեւորած է Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթագիծի կառուցումը, յայտնելով թէ յոյս ունի, որ ժամանակի ընթացքին Հարաւային Կովկասը կրնայ միաւորուիլ։ Ան աւելցուցած է թէ այդ միութեան կազմին մէջ առաջին հերթին կը տեսնէ Վրաստանն ու Ատրպէյճանը։