Ջաւախք Ճամբարի մասին յօդուած մը ղրկուած է Սօսէ Պէօճէքեանի կողմէ «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան, ուր տեղեկութիւններ կը փոխանցուին ճամբարի եւ հովանաւորող/գործակցող կազմակերպութիւններու մասին:

Ջաւախք Ճամբարը ծրագիր մըն է, որ խանդավառ եւ անմոռանալի ամառ մը կը տրամադրէ Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի պատանիներուն: Միաժամանակ, Ամերիկայի երիտասարդութեան առիթ կուտայ գտնուելու հայկական հողերու վրայ։

Ջաւախք Ճամբար յանձնախումբի անդամները իրենց կարելին կ՛ընեն անցեալ տարուան դրամահաւաքի ամբողջական գումարը գերազանցելու համար, այս տարի ա՛լ աւելին յաջողցնելով՝ եւ օժանդակելով Ջաւախքահայութեան:

Յանձնախումբի անդամները, որոնց տարիքն է 18-23, արդէն գործի անցած են ծրագրելու երկու ճամբարները Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի պատանիներուն համար։ Երկրորդ տարին ըլլալով, յանձնախումբը կ՛աշխատի ՀՕՄի հետ իբր ոչ կառավարական կազմակերպութիւն։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք http://www.ayf.org/programs/camp-javakhk/ կայքէջը  կամ հետեւեցէք “Ֆէյսպուքի” էջը www.facebook.com/tebijavakhk:

Հարցումներու համար կարելի է կապուիլ յանձնախումբին հետ հետեւեալ ե-հասցէին՝ This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it.։

 

Ի՞նչ է Ջաւախք Ճամբարը

Ջաւախք Ճամբարը ՀՕՄի գարծակցութեամբ ծրագիր մըն է բաղկացած երկու տարբեր ճամբարներէ, որոնք տեղի կ՛ունենան նոյն ժամանակ Ախալքալաք եւ Ախալցխա՝ Վրաստանի հայկական շրջան Ջաւախքի մէջ։ Այս ճամբարները կը կազմակերպուին Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու հայ երիտասարդներու կողմէ որոնք մաս կը կազմեն Ջաւախք Ճամբարի յանձնախումբին։ Ճամբարը ձրի է մասնակցող մանուկներուն համար, որոնց օրական դրութեամբ կը տրամադրուի ճաշ եւ նախընթրիք, ինչպէս նաեւ գրենական պիտոյքներ։ Ճամբարի խմբապետները մեծամասնութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայէն են, որոնք կը ճամբորդեն Վրաստան ոտք դնելու հայկական հողերու վրայ եւ կապ ստեղծելու՝ Ջաւախքի հայ երիտասարդութեան հետ։

Ո՞ւր եւ Ինչո՞ւ

Ջաւախքը կը գտնուի Վրաստանի մէջ, Հայաստանի հիւսիսը: Ան կը բաղկանայ վեց շրջաններէ որոնցմէ չորսին մէջ կը բնակին մեծ թիւով հայեր (երեք շրջաններու հայ բնակչութիւնը կը կազմէ ընդհանուր թիւին 90 առ հարիւրը):

Թէեւ Վրաստանի շատ մը տարբեր շրջաններու մէջ հայերը օգնութեան կարիքը ունին, սակայն մասնաւորապէս Ջաւախքի պարագային կան ապահովական լուրջ խնդիրներ եւ օգնութիւն ստանալը այդ շրջանէն ներս դժուար է: Հայ այցելուներու թիւը ընդհանրապէս շատ քիչ է այս շրջանին մէջ։ Ջաւախքը օժանդակութեան հսկայական կարիք ունի: Ճամբաները պէտք է շինուին, հիւանդանոցներ պէտք է կառուցուին, տնտեսութիւնը պէտք է զարգանայ: Երիտասարդները կարեւոր այս ծրագիրը կ'իրականացնեն, գիտակցելով թէ այդ մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ յառաջիկայ հայ սերունդին վրայ, վերակենդանացնելով բնակչութեան յոյսը եւ ստեղծելով առիթներ՝ ի նպաստ հայ մշակոյթի պահպանման:

Ճամբարի Պատմականը

Այս ծրագիրը շունչ առաւ ԱՄՆ Արեւելեան Շրջանի երիտասարդութեան կողմէ 2011ին ու իրականացուեցաւ 2012ի ամառը՝ ՀՕՄի գործակցութեամբ։ Յանձնախումբը շարունակ կ՛աշխատի բարելաւելու համար նախնական հանգրուանի մէջ գտնուող այս ծրագիրը։ 2012ին Ջաւախք ճամբարին մասնակցեցան 50 երեխաներ, որոնք ճամբարի մէկ շաբթուան ընթացքին սորվեցան հայոց պատմութիւն, հայերէն երգեր, հայկական պարեր, եւայլն: Ճամբարի վերջին օրը մասնակիցները առիթը ունեցան ներկայացումներ կատարելու իրենց ծնողներուն եւ ընկերներուն համար: Ջաւախքի դրական փորձառութենէն խանդավառուելով է որ, այս տարի եւս յանձնախումբը կը ծրագրէ նոյն աշխատանքը շարունակել, այս անգամ 70 երեխաներու մասնակցութեամբ եւ տասնըերկու օրուան տեւողութեամբ: 

-------------- 

* Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ապրող 23ամեայ   երիտասարդուհի մըն եմ։ Դպրոց ու համալսարան յաճախելէ եւ աւարտելէ ետք, արդէն անցած եմ աշխատանքի։ Միակ առանձնայատկութիւնը որ զիս կը զանազանէ իմ շուրջի երիտասարդներէն՝ իմ ազգային պատկանելիութիւնս է, հայ ըլլալս, որ տարբեր առաջնահերթութիւններ կը պարտադրէ ինծի։ Առաջնահերթութիւններ որոնք կը վերաբերին Հայ Դատի հետապնդման, հայկական մշակոյթի պահպանման ու այդ գիտակցութեան յաջորդ սերունդին փոխանցման։

Երբեմն հաճելի, երբեմն դժուար ու վիրաւորական անմոռանալի բազմաթիւ փորձառութիւններ ապրած եմ որպէս հայ։ Օրինակ՝ երկու անգամ Ծնունդ տօնել եւ երկու անգամ նուէր ստանալ, համա ՀՄԸՄ-ական բանակումի մասնակցիլ եւ զարմանալ այդքան տարբեր առոգանութիւններով հայերէնի հնչումներէն, վարժողական ծրագրի ծիրին մէջ ՄԱԿ-ի մէջ աշխատիլ ու հպարտանալ անկախ Հայաստանով։ Սակայն այդ բոլորէն աւելի մեծ ու ազդեցիկ փորձառութիւն անցեալ ամառ կայացած Ջաւախքի ճամբարն էր, որ ընդմիշտ պիտի մնայ կեանքիս անբաղդատելի էջերէն մէկը։

Միութենական ժողովի մը ընթացքին չորս ընկերներով հաւաքուեցանք ու գաղափար մը յղացանք, որ կը կարծէինք ամենայն դիւրութեամբ պիտի իրագործենք։ Պիտի հաւաքուինք 13-14 մեզի տարեկից երիտասարդներու հետ, որոնք կ’ուզեն ամառնային շրջանին մեր հետ ճամբորդել Վրաստան (ուր մեզմէ ոեւէ մէկը չէր այցելած), ու Ջաւախքի մէջ 100 պատանիներու համար ճամբար մը կազմակերպել թէ՛ անոնց ամառնային արձակուրդը դարձնելու անմոռանալի, թէ բազում դժուարութիւններ ապրող Ջաւախքի հայութեան ապացուցել, որ Սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդութիւնը հետաքրքրուած է իրմով ու կը փորձէ           ինչ որ ձեւով մեղմել այդ դժուարութիւնները։ Կ’ուզէինք նաեւ առիթ ստեղծել մենք մեզի, որ մեր ոտքը դնենք Ջաւախքի հողին վրայ, շփուինք մեր հայրենակիցներուն հետ, ապրինք իրենց հետ իրենց առօրեան եւ չմնանք Ամերիկայի մեր հանգիստ ու տաքուկ անկիւններէն բարի խօսքեր ուղարկելով Ջաւախի մեր տարեկիցներուն։

Իսկ այս բոլորը պէտք էր որ գլուխ գային երեք ամսուան ընթացքին…

Ու անցանք գործի։ Մեր միութիւնները կանգնեցան մեր կողքին։ Մեր գաղութները - իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններէն աւելիով - օժանդակեց մեր ծրագրին։ Իսկ ծրագիրը ինք սկսաւ ձեւ առնել, դժուարութիւնները սկսան ցցուիլ բայց ամէն մէկ դժուարութեան դիմաց կրցանք լուծումներ գտնել, մտահոգութիւներ սկսան յառաջանալ բայց զանոնք փարատելու ձեւերը գտանք։ Կասկածողներ եղան, սակայն կասկածները պարզապէս ամրացուցին մեր միութիւններու ու մեր վճռակամութիւնը՝ Ջաւախքի ճամբարի ծրագիրը գլուխ հանելու։ Ի վերջոյ, ծրագիր կը մշակէինք մեզի անծանօթ սակայն մեր ժողովուրդի ապագան հանդիսացող պատանիներու համար։

ԱԼԻՔ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ (Քալիֆորնիա)

* * *

* Հիանալի զգացում էր առաջին անգամ ըլլալով Ջաւախքի հողին վրայ ոտք կոխելը։ Անբացատրելի զգացում էր Ջաւախքի երեխաներու կիսաբարբառին հետ առընչուիլը, մեր սեփական մշակոյթը Գուգառաց աշխարհի դրսեւորումներով վայելելը, Աշուղ Ջիւանիի փառաբանած հայրենի ջուրը խմելը, բայց ամենէն աւելին գերակշռող էր Ջաւախքի մեր հայրենակիցներու համեստութիւնն ու մեզի ցուցաբերած ընդունելութիւնը։ Ու տեղ մը դերերը շրջուած էին կարծէք.- մենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն գացած էինք «Ջաւախքի երեխաներուն ամառը անմոռանալի դարձնելու», բայց Ջաւախքն ու իր հայութիւնն էր որ «Ամերիկայէն բուռ մը երիտասարդներու ամառը կը դարձնէր անմոռանալի»։

Հազար դրուագ ու պատմութիւն կարելի է պատմել մեր ճամբարէն, պատանիներու հետ շփումներէն, բայց այդ բոլորի կողքին, մտքիս մէջ դրոշմուած է երեկոյ մը եւ պատահած խօսակցութիւն մը։ Բոլորս միասին հաւաքուած էինք Երիտասարդական Կեդրոն ու կը խօսէինք բազում դժուարութիւններու պատճառով, աշխատանքի թէ ուսման համար թէ պատրուակով Ջաւախքէն հեռացող մարդոց մասին, երբ մեր ջաւախքցի գործակիցներէն մէկը ըսաւ.- «իսկական ջաւախքցին այս հողին վրայ ապրողն է». ու ցոյց տալով մեզ ան ըսաւ.- «այսօր մեր հետ ապրող, մեր առօրեան կիսող այս տղաքն ու աղջիկներն են ջաւախքցի»։ Այդ պահուն, ես, որ Յունաստան ծնած եմ, հպատակութեամբ լիբանանցի, աւելի քան տաս տարիներէ ի վեր կ’ապրիմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ դարձայ ջաւախքահայ։ Ու թէեւ արդէն ամիսներէ ի վեր վերադարձած եմ Ամերիկայի իմ տաք տունս, բայց սիրտս Ջաւախք է։          

ԹԱՄԱՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ (Շիքակօ)

* * *

* Անցեալ տարի այս ծրագիրը դրական արձագանգ գտաւ Արեւելեան Ամերիկայի բոլոր գաղութներէն ներս։ Այս տարի ծրագիրը պիտի կրկնենք, յուսալով որ անցեալ տարուան մեր փորձառութիւնը պիտի նպաստէ որ աւելի՛ լաւը տանք Ջաւախքի մէջ ապրող հայ մանուկներուն։ Կը յուսանք, որ անմոռանալի ամառ մը պիտի անցընեն ո՛չ միայն տարի մը ամբողջ հազար ու մէկ դժուարութիւններ ապրող ջաւախքահայ պատանիներ, այլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն երիտասարդներու նոր տասնեակ մը, որոնք ոտք դնելով Ջաւախքի հողին վրայ, շփուելով Ջաւախքի խրոխտ հայութեան հետ, պիտի դառնան հպարտ ամերիկա-ջաւախքահայեր։ 

ԱԴԱՄ ԱՔՉԵԱՆ (Ռոտ Այլընտ)

 

 

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեան Նպատակ ու Պատմութիւն

Հիմնուած Նիւ Եորքի մէջ 1910 թուին, Հայ Կարմիր Խաչ անուան տակ: 1949-ին ՀՕՄ-ը կը ստանայ տուրքէ զերծ կազմակերպութեան կարգավիճակ՝ ամերիկեան եկամտահարկի 501(c)(3) գլուխի տրամադրութեանց հիմամբ։

Այսօր, 27 երկիրներու մէջ գործող իր միաւորներով եւ տասնեակ հազարաւոր անդամներով, ՀՕՄ-ը որպէս անկախ, համահայկական մարդասիրական միութիւն, կը ծառայէ ամենուրե՛ք, հասնելով հայ ժողովուրդի ֆիզիքական, ընկերային ու մշակութային կարիքներուն։

Իր բարձր սկզբունքներով, Միութիւնը կը քաջալերէ իր աշխարհացրիւ անդամները, մղելով զանոնք համագործակցութեան եւ ծրագրեալ աշխատանքի, սատարելու համար հայ գաղութներու ընկերային, դաստիարակչական, առողջապահական կարիքներուն եւ բարեսիրական այլ ծրագիրներու ի խնդիր տարուող աշխատանքներուն։ Այս ուղղութեամբ, ճգնաժամային պահերու, ան սննդամթերք, դեղօրայք ու հանդերձանք կը հասցնէ աղէտեալ շրջաններու բնակչութեան, մեղմացնելով եւ ամոքելով հաշմանդամին, հիւանդին, որբին ու կարօտեալին, գերիներու եւ գաղթականներու հոգեկան ու ֆիզիքական տառապանքը։ Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս ՀՕՄ-ը կը շարունակէ իր կրթական-դաստիարակչական ու մշակութային ծրագիրները գործադրել մանկապարտէզներով, ամառնային ճամբարներով, վարժարաններով ու կրթաթոշակներով։ Զուգահեռաբար ան կը սատարէ իր անդամներուն ինքնազարգացման՝ զանոնք ներգրաւելով հասարակական աշխատանքներու մէջ եւ մղելով գործակցելու հայ թէ օտար համանման նպատակներ հետապնդող միութիւններու հետ։

ի վեր, Հայ Օգնութեան Միութիւնը սերտօրէն կը գործակցի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հետ, եւ որպէս ECOSOC-ի (ՄԱԿ-ի Տնտեսական ու Ընկերային Յանձնաժողով) անդամ, ու միջազգային մակարդակով գործունեայ NGO (Ոչ-կառավարական Կազմակերպութիւն), ան կը մնայ ջատագով մարդկային իրաւունքներու, ընկերային արդարութեան ու քաղաքակիրթ հասարակութեան իրականացման աշխարհի տարածքին։

Ջաւախք Ճամբարի յանձնախումբը հիմնուած է Ապրիլ 2012ին, Ջաւախքի մէջ ծրագիր մը կազմակերպելու մտադրութեամբ, ստեղծելու կապ մը Սփիւռքի Հայ երիտասարդութեան եւ Ջաւախքի երիտասարդութեան միջեւ։ ՀՕՄը այս ծրագրին կրնակ կեցած է ամէն ձեւերով, բայց ճամբարը կը կազմակերպուի ընդհանուր արմամբ Ամերիկայի Արեւելեան Շրջանի երիտասարդութեան կողմէ։  

Ի՞նչ է Ջաւախք ճամբարի ծրագրի նպատակը

Ծրագրի հիմնական նպատակն է ստեղծել կապ մը ԱՄՆ Արեւելեան Շրջանի եւ Ջաւախքի երիտասարդներուն միջեւ, միաժամանակ օժանդակելով հայ գաղութին: Երիտասարդութեան պատասխանտուութիւնն է օգնել մեր ժողովուրդին աշխարհի չորս ծագերուն։ Այս ճամբարի միջոցաւ, սփիւռքահայ երիտասարդներու աշխարհահայեացքը կը զարգանայ,նոյն ատեն Ջաւախքահայ մանուկները կը նշմարեն թէ, ընդարձակ գիտելիքներու աշխարհ մը կը բացուի իրենց առջեւ: Վերջապէս, այս ծրագիրը յիշեցում մըն է Ջաւախքահայութեան, թէ Սփիւռքի մէջ տարածուած հայերը իրենց հետ կը բաժնեն անոնց մտահոգութիւններն ու կենցաղային դժուարութիւնները: Այս մէկը ներշնչում մըն է բոլորիս համար:

 Ինչպէ՞ս օգնել

Կապուիլ ՀՕՄի որեւէ մէկ մասնաճիւղի հետ (այցելել՝ http://ars1910.org/ )

Ե-նամակի հասցէն է՝ This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it. կամ հետեւիլ յանձնախումբի դիմատետրին՝ www.facebook.com/tebijavakhk:

ճամբարի դրամահաւաքը կը սկսի Մայիսին: