15-17 Ապրիլ 2013-ին տեղի ունեցաւ Լոնտոնի գիրքերու միջազգային փառատօնը, մասնակցութեամբ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն հարիւրաւոր հրատարակչատուներու եւ մեծ թիւով հեղինակներու: Բրիտանահայ համայնքի նախաձեռնութեամբ եւ տեղւոյն ազգայիններու զօրակցութեամբ եւ աջակցութեամբ, այս տարի կարելի եղած էր հայկական յատուկ տաղաւար մը ունենալ միջազգային այս մեծ փառատօնին: Հայկական տաղաւարին մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատուները: Զոյգ հաստատութիւնները կը ներկայացնէին հայոց պատմութեան, հայ եկեղեցւոյ, հայկական մշակութային արժէքներու, գրականութեան, Հայոց ցեղասպանութեան ու Հայ Դատի նուիրուած հրատարակութիւններ, դասագիրքեր եւ մանկապատանեկան հրատարակութիւններ, հիմնականին մէջ օտարազելու եւ բաժին մըն ալ հայերէն: Այս փառատօնին հայկական տաղաւարով կը մասնակցէին նաեւ Հայաստանէն Էջմիածնի կաթողիկոսութեան հրատարակչատունը, «Պուքինիստ» գրատարածը, «Զանգակ», «Արեկ եւ Էտիթ Փրինթ» հրատարակչատուները, Անգլիայէն՝ Հայկական հաստատութիւնը, մտաւորականներ՝ Ռուբէն Գալիշեանը, Նուրիձա Մաթոսեանը, Նունէ Սարգիսեանը եւ պատուելի Տոքթ. Վրէժ Ներսէսեանը, իսկ Միացեալ Նահանգներէն՝ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի եւ Փիթըր Պալաքեանի հրատարակութիւնները: Լոնտոնի գիրքերու միջազգային փառատօնին իւրաքանչիւր տարի լուսարձակի տակ կը բերուի երկրի մը հրատարակչական մարզը: Այս տարեշրջանին այդ բաժինը յատկացուած էր Թուրքիոյ, եւ թրքական մեծ թիւով հրատարակչատուներ եւ թուրք գրողներ ներկայութիւն էին փառատօնին: Ատրպէյճան նաեւ յատուկ տաղաւարով մը կը մասնակցէր այս ցուցահանդէսին: Այս հանգամանքները նկատի ունենալով՝ հայկական տաղաւարին ներկայութիւնը կը ստանար կրկնակի իմաստ եւ Լոնտոնի հայ համայնքի այս նախաձեռնութիւնը կը վերածէր Հայ դատի քարոզչական օգտակար քայլի մը: Հայկական տաղաւարին մէջ տեղի ունեցաւ յա- տուկ ընդունելութիւն-հիւրասիրութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան շըրջանի թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեան, Հայաստանի հանրապետութեան հաւատարմատար Արեգ Մարգարեան, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ օտար այցելուներ: Այս առիթով համայնքի վարչութեան անունով խօսք առաւ Վիգէն Հալլաճեան: Իրենց շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքերը յաջորդաբար փոխանցեցին Հայաստանի հրատարակիչներու միութեան նախագահ Մկրտիչ Կարապետեան, Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանը եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան: Յակոբ Հաւաթեան (լուսանկարին մէջ) շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքի պատասխանատուներուն այս օգտաշատ նախաձեռնութեան համարր, նշելով թէ Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ պատմութեան խեղաթիւրումներու դիմաց մեր տաղաւարին ներկայութիւնը ամուր վկայութիւն մըն է հայութեան գոյերթին եւ լինելութեան:
Հայկական Տիրական Ներկայութիւն Լոնտոնի Գիրքերու Միջազգային Փառատօնին
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր