Դամասկոսէն «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ անցնող օրերուն որոշ հանդարտութիւն կը տիրէր, մինչ ապահովական զարգացումները կը կրկնուէին՝ թնդանօթներու ու միջին զէնքերու հարուածներու ձայներ արուարձաններուն կողմէն եւ պայթուցիկներու ականազերծում:

Պաշտօնական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ անցնող օրերուն ընթացքին սուրիական բանակը ոչընչացուցած է զինեալներու խմբակներ Պարզէ շըրջանին մէջ, եւ բախումներ արձանագրուած են զինեալ խմբակներու հետ Ժոպար, Հարասթա, Հսենիէ եւ Տարէա շրջաններուն մէջ, ուր բանակը յաջողած է ոչնչացնել զինամթերքով լեցուն կեդրոններ:

 

Հալէպի Պայթումներուն Պատճառով
Թեթեւօրէն Վիրաւորուած Են Երկու Հայեր 

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան տեղեկացուց, թէ հրասանդի 9 հրթիռներ արձակուեցան Հալէպի քրիստոնէաշատ բնակութեամբ Սուլէյմանիէ, Համիտիէ, Նեյելի եւ հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շրջաններուն վրայ: «Համաձայն մեզի հասած տեղեկութեանց, թեթեւօրէն վիրաւորուած են երկու հայեր, որոնք մտահոգիչ ոչ մէկ հարց ունին», ընդգծեց Ռէյիսեան՝ աւելցնելով, որ պայթումներէն մէկուն պատճառով Սուլէյմանիէի մէջ շէնք մը կրակ առած է:

 

Հալէպի Առաջնորդներու Առեւանգման Հարց 

Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ շաբաթ մը առաջ Հալէպի Յոյն ուղղափառ համայնքի եւ Ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդները առեւանգուեցան զինեալներու կողմէ: Առեւանգումէն անմիջապէս ետք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կապ պահեց պատրիարքարաններուն հետ: Յարմար նկատուեցաւ այս հանգրուանին դիւանագիտական միջոցներու ճամբով շարունակել աշխատանքը:

Յայտնենք, թէ առեւանգումէն մէկ օր ետք սխալ լուրեր տարաձայնուած էին, թէ՝ առաջնորդները ազատ արձակուած են: