Այս տարուան հաւաքին թեման էր՝ «Վերացում եւ Խափանում կիներու եւ աղջիկներու դէմ գործադրուող բոլոո՛ր տեսակի բռնութիւններու»: Նիստերուն ներկայ էին միջազգային կազմակերպութիւններու եւ անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներ:

ՀՕՄի կողմէ մասնակցեցան ՄԱԿի յանձնախումբի ընկերուհիներ, ՄԱԿի մէջ ՀՕՄ-ի աշխատանքները գործադրող ընկերուհին, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական գրասենեակի գործադիր տնօրէնուհին եւ Արեւելեան Ամերիկայի շրջանէն ու Եւրոպայէն ընկերուհիներ, որոնք տարուան ընթացքին կը մասնակցին ՄԱԿի տարբեր աշխատանիստերու:

ՀՕՄի այս նիստերուն մասնակցութեան նպատակն է այլ կազմակերպութիւններու միանալով յայտնել մեր տեսակէտը եւ կլոր սեղաններու ու զրոյցներու ընդմէջէն արծարծել կնոչական եւ ընդհանրապէս մարդկային իրաւունքներու հետ կապուած հարցեր: Այս նիստերը նաեւ ՀՕՄին առիթ կ՛ընծայեն մօտէն գործակցելու այլ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու հետ՝ ի խնդիր կիներու իրավիճակի բարելաւման:

Յանձնաժողովի նիստերուն ՀՕՄ-ը գործակցեցաւ զանազան կազմակերպութիւններու հետ ինչպիսին են Zonta International, NGO/CSW NY, Global Women of Women Peacebuilders, Հրեայ Կանանց Միջազգային Խորհուրդ, եւ Al Hakim հիմնարկը: Կլոր սեղաններու նիւթերն էին՝ «Կինե- րու եւ Աղջիկներու Թրաֆիքինկ», «Վերջ Տալ Աղջիկներու Դէմ Գործադրուող Բռնութիւններու Ծիրին», «Համաշխարհային Մօտեցումներ Կիներու Դէմ Բռնութիւններու Նկատմամբ», եւ վերջապէս՝ «Գործադրում Հոգեկան եւ Կրօնական Արժէքներու՝ Պայքարելու Համար Կանանց Դէմ Գործադրուող Բռնութիւններու Դէմ»:
ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչները
դեսպան Կարէն Նազարեանի հետ

ՀՕՄ-ի կողմէ հիւր դասախօսներն էին՝ ֆիլմի արտադրիչ եւ դերասանուհի՝ Նորա Արմանի եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ արեւելան թեմի առաջնորդ՝ Անուշաւան եպիսկոպոս Դանիէլեան:

Արմանի հետաքրքրական տեսանկիւնէ ներկայացուց թրաֆիքինկի հարցը: Ան խօսեցաւ շարժապատկերի կարեւորութեան մասին հանրութեան մէջ տարածելու համար այսպիսի լուրջ հարցեր: Ան նշեց թէ որեւէ մէկ քայլ առնելէ առաջ պէտք է դաստիարակենք հանրութիւնը եւ այդ մէկը ընելու լաւագոյն ձեւը իրական կեանքէ պատկերներ ներկայացնելն է:

Հիմնական էր նաեւ Սրբազան Հայր Անուշաւան Դանիէլեանի ներկայութիւնը: Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ «Գործադրում Հոգեկան եւ Կրօնական Արժէքներու՝ Պայքարելու Համար Կանանց Դէմ Գործադրուող Բռնութիւններու Դէմ» նիստին: Սրբազան Հայրը ներկայացուց կրօնական եւ բարոյական դաստիարակչական մօտեցումը այս հարցին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ անոնց հիմնական դերը պայքարելու համար բռնութիւններու դէմ:

Այլ կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ, ՀՕՄը կազմակերպած էր կլոր սեղան մը ՄԱԿի մէջ Հայաստանի եւ Էսթոնիոյ մնայուն ներկայացուցչութեանց հետ: Օրուան հիմնական նիւթն էր «Բանաձեւ 1325» որը կ՛անդրադառնայ զինեալ բախումներու ազդեցութեանը կիներու վրայ, եւ կիներու հաւասար մասնակցութեանը խաղաղութեան բանակցութիւններու ու յետ բախումներու վերակառուցման աշխատանքներուն շուրջ:

Առաւելաբար, ՀՕՄի ներկայացուցիչ ընկերուհիները հանդիպում մը ունեցան ՄԱԿի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան՝ դեսպան Կարէն Նազարեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան զանազան հարցեր հայրենիքի եւ սփիւռքի հետ կապուած: Պարոն դեսպանը բարձր գնահատեց ՀՕՄի աշխատանքները համահայկական ծրագիրներու եւ ՄԱԿի հետ առնչուած:

Այս նիստերուն իբրեւ արդիւնք, անդամ երկիրները պիտի յանգին լուծումներու պայքարելու համար կանանց բռնութիւններուն դէմ: Այս հաւաքին մասնակցելով, ՀՕՄը յաջողութեամբ կրցաւ գործակցիլ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ որոնք ունին նոյնանման նպատակներ: Այս նիստերը նաեւ առիթ մը կ՛ընծայեն ներկայացնելու համար նաեւ մեր համահայկական ծրագիրները եւ ինչո՞ւ չէ, ապահովել նիւթական նպաստներ եւ համագործակցութեան առիթներ ապագային այլ ծրագիրներ եւս իրականացնելու նպատակով, մանաւանդ 2015ի ՄԱԿի աշխատանքներուն հետ կապուած:

«ՀՕՄ-ի դերը ՄԱԿէն ներս կը շարունակէ ընդլայնիլ եւ ան պիտի դառնայ ա՛լ աւելի կարեւոր՝ մանաւանդ կանանց հարցերու հետ առնչուած մեր միջազգային աշխատանքներուն ընդմէջէն», ըսած է ընկ. Կեցոյեան: