Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, շրջաններու միջվարչական դիւաններու 8րդ խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ 29, 30 եւ 31 Մարտ 2013-ին, Նիկոսիա, Կիպրոս։

Խորհրդաժողովին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողքին, կը մասնակցէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի 7 Շրջանային եւ 6 Մեկուսի շրջաններէն 40 վարչական քոյրեր եւ եղբայրներ։

Խորհրդաժողովը առաջին հերթին լսեց շրջաններու իրավիճակին, գործունէութեան եւ դժուարութեանց մասին զեկոյցներ։ Ապա Կեդրոնական Վարչութիւնը իր քառամեայ ծրագիրին հիմամբ ներկայացուց կատարուած աշխատանքները եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ փոխանցեց յառաջիկայի իր ծրագիրներուն առընչուող մանրամասնութիւնները։

Ռազմավարական ծրագրաւորումի գործադրութեան ծիրին մէջ ներկայացուեցան մանրամասնութիւններն ու հանգրուանները, դիմագրաւուած դժուարութիւնները եւ յառաջիկային զանոնք կանխարգիլելու համար նկատի առնուած քայլերը։ Շեշտուեցաւ շրջաններուն գործակցութեան կարեւորութիւնը՝ ապագայի աշխատանքներու իրականացման համար։

Սկաուտական աշխատանքներու բնագաւառին մէջ Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացուց իրագործելի ծրագիրները, Միջցամաքամասային Խմբապետական վերաորակաւորման դասընթացքներու մանրամասնութիւնները, «Արարատեան կարգ»ի մասնակցութեան վերանայուած պայմանները, 2014ի ամրան իրագործելի ՀամաՀ.Մ.Ը.Մ.ական 10րդ բանակումին առնչուող մանրամասնութիւնները, գիրքերը վերամըշակելու եւ կայքէջին վրայ տեղադրելու ծրագիրները։

Մարզական բնագաւառին գծով Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացուց Մարզական յանձնախումբին պատրաստած 2013ի ամրան Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Համա Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9րդ մարզախաղերու ամբողջական ծրագիրները եւ յայտագիրներու ընթացքը, ինչպէս նաեւ բացման հանդիսութեան, յայտագիրին, դաստիարակչական բաժնին եւ այցելութիւններուն առնչուող մանրամասնութիւններ։

«Մարզիկ» պաշտօնաթերթի առնչութեամբ կատարուեցան դժուարութեանց մատնանշումներ եւ զանոնք հարթելու կարելիութիւններուն մասին խօսուեցաւ։ Փոխանցուեցան նաեւ գաղափարներ ու կարծիքներ՝ շրջանները աւելի ներգործօն դարձնելու թերթին տարածման աշխատանքին մէջ։

Արծարծուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 95ամեակի տօնակատարութեան միացեալ թուականով տօնակատարելու ծրագիրի մանրամասնութիւնները։ Փոխանցուեցան անհրաժեշտ թելադրանքներ եւ կատարուեցան առաջարկներ։

Ցեղասպանութեան 100ամեակի ուղղութեամբ, փոխանցուեցաւ 100ամեակի Կեդրոնական Յանձնախումբին մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներառելու որոշումը, յանձինս ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանին։ Ներկայացուեցան առաջարկներ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առնչուող ոգեկոչման պատշաճ ձեւերուն մասին։

Վարչական դիւանակալական աշխատանքները աւելի զարգացնելու դիտաւորութեամբ, Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ հիմնուելով ժողովական կանոններու հասկացողութեան վրայ, տուաւ ուղղութիւններ եւ ցուցմունքներ, փոխանցեց թելադրութիւններ ընդհանրապէս փոխ-յարաբերութեանց մարզերու մէջ, ապա կատարեց լուսաբանութիւններ՝ ընդհանուր կանոնագրութեան որոշ յօդուածներու շուրջ։

Ժողովականները յուզումով ունկնդրեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան առաքած սրտի խօսքը ու միաձայնութեամբ որոշեցին սատար հանդիսանալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ շրջանին, նիւթապէս եւ բարոյապէս։

Խորհրդաժողովը իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Մ. Կիպրոսի Մեկուսի Վարչութեան, որ առաւելագոյն չափով ջանք չէր խնայած լաւագոյնս կազմակերպելու ժողովին առնչուած բոլոր մանրամասնութիւնները, հակառակ երկրին մէջ տիրող տընտեսական վերջին իրադարձութիւններուն։

Խորհրդաժողովին մասնակիցները համոզումով մեկնեցան՝ հաստատ եւ ամրակուռ քայլերով շարունակելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի անվերջ ու կազմակերպուած աշխատանքները, միշտ հաւատարիմ մնալով միութեան նշանաբանին՝ «Բարձրացի՛ր-Բարձրացո՛ւր»ին։

 Հ.Մ.Ը.Մ.Ի  ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ